ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐ
Երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովը։ Նախագահական պալատին մէջ գումարուեցաւ նիստը, որ առաջինն էր՝ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի կողմէ գլխաւորուած կառավարութեան ձեւաւորուելէն վերջ։ Հինգ ժամ քսան վայրկեան տեւեց ժողովը, որու աւարտին հրապարակուեցաւ զեկոյց մը։ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովէն առաջ Էրտողան Պէշթէփէի մէջ առանձին խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Պինալի Եըլտըրըմի եւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքարի հետ։
Ըստ ժողովէն վերջ հրապարակուած զեկոյցին, օրակարգի վրայ եկած են եւրոպական երկիրներու եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ առկայ իսլամատեացութիւնն ու ցեղապաշտ յարձակումները, որոնք սպառնալիք կը համարուին աշխարհի խաղաղութեան տեսակէտէ։
Ժողովականները անդրադարձած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ այս շրջագծով ընդգծուած է, որ Սուրիոյ առկայ ներքին պատերազմը գետին կը պատրաստէ Թուրքիոյ ահաբեկչական դէպքերուն համար։ Սա միեւնոյն ժամանակ ամբողջ աշխարհին ուղղուած սպառնալիքի ենթակառուցուածքն է, հետեւաբար միջազգային հաւաքականութիւնը պէտք է աւելի նախանձախնդրութիւն դրսեւորէ։
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը անդրադարձած է նաեւ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան յարակից թեւերէն ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի ներկայացուցչութիւններու բացման՝ Փրակի, Սթոքհոլմի, Պերլինի եւ Փարիզի մէջ։ Խորհուրդը շեշտեց, թէ այս երեւոյթը խրախուսական կը համարուի այն ահաբեկիչներուն տեսակէտէ, որոնք Թուրքիոյ մէջ արիւնալի արարքներ կ՚իրականացնեն։ Խորհուրդը համոզուած է, թէ այս երեւոյթը խոտոր կը համեմատի բարեկամ ու դաշնակից երկիրներու բնորոշ յարաբերութիւններուն, հետեւաբար կ՚ակնկալէ համապատասխան որոշումներուն վերատեսութեան ենթարկուիլը։
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամները նկատի առին նաեւ ՆԱԹՕ-ի յառաջիկայ գագաթաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ Վարշաւիոյ մէջ։