ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ
Երէկ, Երեւանի մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութիւնով մը յանձնուեցան Հայաստանի հանրապետութեան նախագահի 2015 թուականի մրցանակները։ Նախագահական ապարանքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը, որու ընթացքին Սերժ Սարգսեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ «Արժանաւորները գտնելու եւ գնահատելու առաքելութիւնը պետութեան կարեւորագոյն գործերէն մին է։ Իսկ դուք, սիրելի մրցանակակիրներ, վստահ եմ, որ կանգ պիտի չառնէք ու պիտի չբաւարարուիք ձեր կատարած աշխատանքով ու ձեռքբերումներով։ Իմ միակ ցանկութիւնն է, որ այս մրցանակը ըլլայ ձեր կատարած աշխատանքի ճանաչման միայն սկիզբը։ Կը յուսամ, որ պիտի յաջորդեն ձեր նոր ստեղծագործական թռիչքները, որոնք պիտի արժանանան միջազգային ճանաչման», ըսաւ Սերժ Սարգսեան պարգեւաբաշխման արարողութեան ընթացքին։
Հարկ է նշել, որ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահի մրցանակը հաստատուած է 2001 թուականին։ Անցեալ շուրջ տասնհինգ տարուան ընթացքին պարգեւատրուած են 335 անհատներ կամ կազմակերպութիւններ։ Այս մրցանակը կը յանձնուի «Ռոպէրթ Պօղոսեան եւ որդիները» հիմնադրամի աջակցութեամբ։
Երէկ պարգեւատրուած անուններու շարքին կը գտնուէր ամերիկահայ յայտնի գրող Փիթըր Պալաքեան, որ վերջերս նուաճեց նաեւ Փուլիցէրի մրցանակը։ Դափնեկիրներու շարքին կը գտնուի նաեւ յայտնի պատմաբան Ալպերթ Խառատեան, որ մրցանակի արժանացած է «Արեւմտահայ մամուլը իր պատմութեան աւարտին (1900-1922)» խորագրեալ աշխատութեամբ մարդասիրական գիտութիւններու զարգացման բնագաւառին մէջ։