ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ ԿԸ ՁԳՏԻ ՀԱՄԱՐԿՄԱՆ

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին կոչ ուղ­ղեց, որ­պէսզի տնտե­սա­կան ու մար­դա­սի­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան գօ­տի մը ստեղ­ծուի Ատ­լան­տեա­նէն մին­չեւ Խա­ղա­ղա­կան ով­կիա­նոս՝ ըն­դար­ձակ տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ։ Փու­թի­նի հա­մոզ­մամբ, այդ ճա­նա­պար­հին վրայ կա­րե­ւոր քայլ մը պէտք է դառ­նայ եւ­րո­պա­կան ու եւ­րոա­սիա­կան հա­մարկ­ման ներ­դաշ­նա­կե­ցու­մը։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Փու­թին դի­տել տուաւ, որ այդ աշ­խա­տան­քը յատ­կա­պէս պա­հան­ջուած է առ­կայ պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, երբ Եւ­րո­պա հետզ­հե­տէ ա­ճող մրցակ­ցու­թեան մը դէմ յան­դի­ման կը մնայ ազ­դե­ցու­թեան այլ կեդ­րոն­նե­րու կող­մէ։ «Ակն­յայտ է, որ նոր մի­ջազ­գա­յին ի­րո­ղու­թիւն­նե­րուն մէջ հին աշ­խար­հին հա­մար կա­րե­լի է ար­ժա­նի տեղ մը ա­պա­հո­վել միայն միա­ւո­րե­լով բո­լոր եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րուն, նե­րա­ռեալ Ռու­սաս­տա­նի նե­րու­ժը», նշեց Փու­թին՝ Յու­նաս­տա­նի «Քա­թի­մե­րի­նի» թեր­թին մէջ լոյս տե­սած իր յօ­դուա­ծին մէջ։

Փու­թին այ­սօր եր­կօ­րեայ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ դէ­պի Ա­թէնք։ Այս ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­դա­ռաջ հրա­պա­րա­կուած յօ­դուա­ծին մէջ ան շեշ­տեց, որ Մոս­կուա­յի եւ Եւ­րո­միու­թեան մի­ջեւ գո­յու­թիւն չու­նին հա­կա­սու­թիւն­ներ, ո­րոնք ան­լու­ծե­լի են։ Ռուս ղե­կա­վա­րը ա­ւել­ցուց, որ ա­ռայժմ չի տես­ներ Եւ­րո­պա­յի կող­մէ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն՝ Ռու­սաս­տա­նի հետ երկ­խօ­սու­թեան ուղ­ղու­թեամբ։ 

Ուրբաթ, Մայիս 27, 2016