ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ

Երեւանի մէջ երէկ յանձնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2016 թուականի մրցանակները։ Նախագահական ապարանքէն ներս այս առթիւ տեղի ունեցաւ պարգեւաբաշխման հանդիսաւոր արարողութիւն մը։ Շարք մը բնագաւառներէ ներս ներդրուած նշանակալի աւանդի համար կը տրուին այս մրցանակները՝ համանուն վկայագրով ու պարգեւով։ Մրցանակները յանձնեցին Սերժ Սարգսեան եւ «Ռոպէրթ Պօղոսեան եւ որդիները» հիմնադրամի ներկայացուցիչ, սփիւռքահայ բարերար Ժան Պօղոսեան։ Մրցանակները շնորհուեցան հիմք ընդունելով տուեալ բնագաւառէն ներս մրցանակ հիմնելու վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրը եւ հաշուի առնելով համապատասխան բնագաւառներու յանձնախումբերու առաջարկները։

Հաւաքոյթի ընթացքին Սերժ Սարգսեան հանդէս եկաւ շնորհաւորական խօսքով մը, որու ընթացքին դափնեկիրներուն մաղթեց ստեղծագործական մեծ եռանդ եւ նորանոր ձեռքբերումներ։

2016 թուականի պարգեւատրեալներու շարքին էր նաեւ պոլսահայ համայնքէն դէմք մը՝ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան։ Ան մրցանակ ստացաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար՝ իր սիւնակին մէջ այդ նիւթը մշտապէս արծարծելու բերումով։

Շաբաթ, Մայիս 27, 2017