ԵՐԵՒԱՆ-ՓԵՔԻՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀ

Հայաստանի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վանկ Եին։ Երեւանի մէջ հիւր նախարարը շփումներ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ՝ ընդունուելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախարարները ստորագրեցին նաեւ շարք մը փաստաթուղթեր, որոնք կը նախատեսեն հայ-չինական համագործակցութեան զարգացումը։

Երկուշաբթի, Մայիս 27, 2019