ՄՈՐԻՍ ԼԵՒԻԻ ԴՈՒՍՏՐԸ ԱՄՈՒՍՆԱՑԱՒ

Քաղաքիս հրեայ համայնքի ընտրանին երէկ Քուլէտիպիի «Նեւէ Շալոմ» սինակոկին մէջ ողջունեց Սենտի Լեւի եւ Վետաթ Սիթոն երիտասարդ ամոլին հարսանիքը։ Արարողութեան հանդիսապետեց Հրէից րաբունապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւա։

Հարկ է նշել, որ Սենտի Լեւի դուստրն է Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւիի։ Հարսանիքին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմ։ Հրեայ համայնքի առընթեր միւս փոքրամասնական համայնքներէն եւ գործարար շրջանակներէն ալ յայտնի դէմքեր հրաւիրուած էին այս հարսանիքին, որու մասնակիցները անկեղծօրէն երջանկութիւն մաղթեցին նորապսակ ամոլին։

Այս առթիւ մենք եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք նորապսակ ամոլը՝ մաղթելով երջանկութիւն։ Կը խնդակցինք Սիմա-Մորիս Լեւիին, նաեւ Սիթոն ընտանիքին։

Երկուշաբթի, Մայիս 27, 2019