ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Էսաեան վարժարանէն ներս այս օրերուն վերստին կը տիրէ շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին մեծ հրճուանքը։ Սա էսաեանցիներու ամենամեայ մեծ տօնախմբութիւնն է, որ հերթական անգամ առիթ կը հանդիսանայ հաստատութեան զանազան սերունդներէ սաներուն համախմբման։

Էսաեան վարժարանի շրջանաւարտներու բաժակի օրուան ծրագիրը կեանքի կը կոչուի երեք փուլով, որու բուն ձեռնարկը տեղի ունեցաւ շաբաթ առաւօտ։ Էսաեանցիներու օրուան առթիւ վարժարանը դռները լայն բացած էր բոլոր սաներուն համար, որոնք համակուած էին ոգեւորութեամբ։ Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ դպրոցի սրահին մէջ։ Ներկայ էին Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Թրքահայ ուսուցչաց միութեան ատենադպիր Արամ Գամպուրեան, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով էսաեանցիներ։ Էսաեան լիսէի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրասիրեցին բոլոր ընթացաւարտները։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Մարիամ Տրամէրեանի։ Արտասանեցին վարժարանի աշակերտներէն Ալիսա Հախվերտեան, Մանէ Քոփար եւ Էլլա Ենոքեան։ Յուշանուէր մը պատրաստուած էր շրջանաւարտներէն Ռենէ Լուսին Պիլմէզի համար, որու հեղինակած կարճաժամկէտ ժապաւէնը վերջերս արժանացած էր մրցանակի մը։

Էսաեանի մեծ ընտանիքի համակրանքին առարկայ դարձան այս տարուան յոբելեար դասարանները։ 1958-59 տարեշրջանի ընթացաւարտները նշեցին իրենց 60-ամեակը։ Անոնց անունով արտայայտուեցաւ Արուսեակ Մալխասեան։ 1968-69-ի ընթացաւարտները տօնեցին իրենց 50-ամեակը։ Այս դասարանին անունով խօսեցաւ Նատիա Գօչունեան։ 1978-79-ի ընթացաւարտները նշեցին իրենց 40-ամեակը։ Անոնց կողմէ արտայայտուեցաւ Թամար Կիւրիւնլիւ։ 1993-94-ի ընթացաւարտները նշեցին իրենց 25-ամեակը։ Անոնց ելոյթի համար ներկայացուցիչներն էին Ալին Շահինօղլուլարընտան եւ Մելիսա Կիւնտիւզ։

Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան հաւաքոյթի ընթացքին կանգ առաւ մեր նոր սերունդը հայկական վարժարաններ ուղարկելու կարեւորութեան վրայ։ Արդարեւ, մեր զաւակները հեռու պէտք չէ պահուին հայկական կեանքէ։ Հայր սուրբը նաեւ շնորհաւորեց Էսաեանի յոբելեար շրջանաւարտները։

Բաժակի օրուան սեղանները այս տարի՝ աննպաստ եղանակին պատճառով սարքուեցան դպրոցի մարզասրահի երդիքին տակ։ Բաժակի պահու ընթացքին արտայայտուեցան Սաթենիկ Նշան եւ Առլին Եշիլթեփէ։ Երէց էսաեանցի Վարուհի Թոփալեան եւ ամենափոքր էսաեանցի Տարօն Գազանճը բաժակ բարձրացուցին Էսաեանին համար։ Փոքրիկն Տարօն Գազանճը նաեւ արտասանութեամբ հանդէս եկաւ խլելով ծափողջոյններ։ Մինչ այդ փոխանակուեցան յուշանուէրներ։ Իսկ պարտէզին մէջ յոբելեար շրջանաւարտներուն համար հատուեցան կարկանդակներ։

Բաժակի օրէն վերջ, երէկ ալ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ էսաեանցիները ոգեկոչեցին իրենց դպրոցի հիմնադիրները՝ բարեյիշատակ Էսաեան հարազատները, ինչպէս նաեւ հաստատութեան բոլոր սատարողները, տնօրէնները, կրթական մշակներն ու սաները։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան խրատականը։

Այսօր, ըստ ընկալեալ սովորութեան, յոբելեար դասարաններու սաները կը հիւրընկալուին Էսաեան վարժարանէն ներս, անմիջականօրէն կը շփուին մերօրեայ աշակերտութեան հետ ու կէսօրին կը ճաշեն դպրոցին մէջ։

ՆԱՏԻԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ

Էսաեանի այս տարուան 50-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտներու շարքին էր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեան, որ սրտի խօսքով մը հանդէս եկաւ՝ յանուն դասընկերուհիներուն։ Ստորեւ կը ներկազացնենք իր ելոյթը։

*

Ուրախ ենք ողջունելով ձեր բոլորը 1968-69 թուականի շրջանաւարտ մեր 50-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտներուն անունով։ Մեր նուիրական վարժարանի ջահը բոցավառ կը մնայ տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ եւ սերունդէ սերունդ, ձեռքէ ձեռք փոխանցուելով ան կը ջերմացնէ մեր բոլորին սիրտը։ Էսաեանի իւրաքանչիւր բաժակի օրը մեր սիրեցեալ դպրոցի կենսունակութեան տօնն է, մեր շրջանաւարտներու իւրաքանչիւր հաւաքը՝ հայ դպրոցի առաքելութեան յաղթական տօնախմբութիւնը։

Մեր ստացած հայեցի դաստիարակութիւնը, մեր դպրոցին մէջ ժառանգածը մեզի կեանքի պատրաստած է ամուր արժէքներով, որոնց շնորհիւ մենք ոչ միայն դիմադրած ենք փորձութիւններու, այլեւ պահած ենք մեր ընկերական կապերը՝ բաժնելով իրարու հետ ուրախութիւնն ու տխրութիւնը։

Թէեւ այսօր մենք կը նշենք մեր շրջանաւարտութեան ոսկէ յոբելեանը, սակայն Էսաեանը 50 տարուան հեռաւորութենէ մը չենք դիտարկեր։ Դպրոցը եղած է ու կը մնայ մեր կեանքի, մեր ապրումներու առանցքին ու մենք ուրախ ենք վկայել անոր կայուն երթը։ Ուրախ ենք դիտարկել, որ ժամանակներու մէջ ինչպէ՛ս կը բիւրեղանայ մեր վարժարանի արժէքը եւ Էսաեանը ամուր կռուան մըն է մեր համայնքի հաւաքական հարստութեան պահպանման, զարգացման ու փոխանցման համար։

Բիւր յարգանք մեր դպրոցի հիմնադիրներու յիշատակին եւ յարգանք բոլոր անոնց, որոնք կերտած են Էսաեանի անցեալն ու ներկան։

Սիրելիներ,

Մեր այս տարուան յոբելեար շրջանաւարտ դասարանը Էսաեանի մեծ ընտանիքին կը ներկայանայ առաձնայատուկ հպարտութիւնով։ Արդարեւ, մեր շարքերուն մէջ է Էսաեանի ներկան կերտած տիրական ու երախտաշատ անուններէն մին։ Մենք այսօր չափազանց ուրախ ենք շնորհաւորելով մեր ազնիւ ու սիրեցեալ դասընկերուհի, մեր վարժարանի բազմամեայ անխոնջ տնօրէնուհի, մեր բոլորին այնքան սիրելի տիկին Սաթենիկ Նշանի շրջանաւարտութեան 50-ամեակը։ Մենք հրճուանքի մէջ ենք, որովհետեւ մեր շարքերէն դուրս եկած է նման նուիրեալ կրթական մշակ մը եւ Էսաեանի անմնացորդ, անսակարկ ծառայութեան ախոյեան մը։ Ան վաղուց իր պատուոյ տեղը կը զբաղեցնէ մեր դպրոցի պատմութեան մէջ ու կը դասուի մեր մեծ ու անմոռանալի տնօրէններու փաղանգին մէջ։ Իրեն կը մաղթենք անպառ եռանդ։

Սիրելիներ,

Էսաեանցիի մեր ինքնութեամբ այսօր բաժակ կը բարձրացնենք մեր վարժարանին համար։ Որքա՜ն ուրախ ենք զիրար վերագտած ըլլալով անոր հարազատ յարկէն ներս։ Այս համալիրը մեզի համար կոթող մըն է՝ կրթութիւնով գոյատեւելու, գիտակցաբար ապրելու, կրթական վսեմ գործի պտուղներուն նկատմամբ յոյս տածելու եւ մեզի այստեղ տրուած մտքի լոյսով ապագային ինքնավստահ ու լաւատես նայելու տեսակէտէ։ Այս դպրոցը յուշարձանն է մեր պոլսահայ յիշողութեան, կենցաղին, ապրելակերպին ու դիմագծին, որով կը բացուինք իրարու եւ միշտ անհատուցելի պարտքի մը զգացումով հաղորդ կը մնանք անոր եւ իրարու։ Ան մեր խարիսխն է եւ հասարակաց յայտարարը։ Էսաեանը մեր հովանին է եւ մեր սերունդներու ուղեցոյցը։

Այս յատկանշական օրուան բարձր տրամադրութեամբ կը շնորհաւորենք նաեւ այս տարուան միւս յոբելեար շրջանաւարտները։ Բոլոր էսաեանցիները կ՚ողջունենք շրջանաւարտից օրուան բնորոշ հրճուանքով։

Կեցցէ՛ Էսաեան վարժարանը եւ կեցցէ՛ Էսաեանի մեծ ընտանիքը։

Երկուշաբթի, Մայիս 27, 2019