ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ մը, որու հանդիսապետեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Թաղի դպրաց դասու հիմնադրութեան 110-ամեակին ձօնուած էր այս երեկոյթը, որու մասնակիցներու շարքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, բազմաթիւ քահանայ հայրեր, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, Ֆէրիգիւղի ընտանիքի պատասխանատուները եւ բազմաթիւ երաժշտասէրներ։

Դպրաց դասու նախագահ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի բացման խօսքէն վերջ երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ խմբավար Ատրուշան Հալաճեանի մականին ներքեւ։

Ձեռնարկը աւարտին հասաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի գնահատանքի խօսքով, որու ընթացքին ան բարձր դրուատիքով արտայայտուեցաւ Վարդանանց երգչախումբի կողմէ տարուած աշխատանքին, անոր որակին ու մակարդակին շուրջ։ Նորին սրբազնութիւնը յարատեւութիւն մաղթեց Վարդանանց դպրաց դասու գործունէութեան համար։

Մենք եւս կը շնորհաւորենք Ֆէրիգիւղի ընտանիքի այս կարեւոր յոբելեանը։

Երկուշաբթի, Մայիս 27, 2019