Չորեքշաբթի 25, Դեկտեմբեր 2024
ԱՌՈՂՋԱՑԱԾՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԼՈՒՐՋ ԹԱՓՈՎ Կ՚ԱՃԻ
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետիին Քոճա յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ կարեւոր համեմատութեամբ բարձրացած է թիւը այն հիւանդներուն, որոնք քորոնաժահրով վարակուած էին։ Առողջացած հիւանդներու թիւի նկատելի բարձրացման զուգահեռ կը նուազի նաեւ թիւը այն հիւանդներուն, որոնք խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուին եւ կամ արհեստական շնչառութեան սարքի ենթակայ են։
Երէկ, քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 19 հազար 853 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 948 նոր վարակեալ։ Թուրքիոյ մէջ երէկ 28 հոգի մահացաւ համավարակի հետեւանքով եւ ընդհանուր զոհերու թիւը բարձրացաւ 4 հազար 397-ի։ Երէկ առողջացածներուն թիւը կազմեց 1492։
Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2020