«ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ ԽԱԽՏՈՒՄԸ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԱՌԸՆՉՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴՐԻՆ ՀԵՏ»

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Մոսկուա աշխոյժ միջնորդական ջանքեր կը գործադրէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Հարաւային Կովկասէ ներս իրադրութեան կայունացման եւ տարածքաշրջանը բարօրութեան գօտիի մը վերածելու ուղղութեամբ։ Ըստ իրեն, Երեւան եւ Պաքու անցեալ տարուայ իրադարձութիւններէն վերջ լիարժէք երկխօսութեան եւ փոխադարձ վստահութեան վերականգնման ճանապարհին կը գտնուին։ Ան աւելցուց, որ ռուս խաղաղապահները կ՚երաշխաւորեն խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ 

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի զինուորականներու կողմէ Հայաստանի սահմաններու խախտման փաստին՝ Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ այդ դէպքը անմիջական առընչութիւն մը չունի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին հետ։ Այստեղ հիմնական պատճառն է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի միջազգային իրաւական ձեւակերպման բացակայութիւնը։ Սա տակաւին խորհրդային ժամանակներէն մնացած ժառանգութիւն մըն է։ «Նման հարցերը պէտք է լուծուին բացառապէս խաղաղ, բանակցային ճանապարհով։ Որպէս երկարաժամկէտ լուծում՝ մենք կը տեսնենք Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատումը, որուն պիտի յաջորդէ սահմանագծում։ Ռուսաստան պատրաստ է ամէն ձեւով աջակցիլ այս բանին», ըսաւ բանբերը։

Երէկուան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Զախարովա խօսեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը քաղաքական տարբերակով լուծելու անհրաժեշտութեան մասին։ Ըստ իրեն, քաղաքական կարգաւորումը պէտք է տեղի ունենայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ձեւաչափին մէջ, որ միջազգային մեծ աջակցութիւն կը վայելէ։ Ռուս բանբերը յիշեցուց, որ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ ուղղուած է առաջին իսկ հնարաւորութեան պարագային վերականգնել բարձր մակարդակով քաղաքական երկխօսութիւնը՝ համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ։ Զախարովա յիշեցուց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ տարակարծութիւնները կը շարունակուին՝ յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին շուրջ։

Միւս կողմէ, Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին յայտնեց, որ իր երկիրը աշխոյժ ջանքեր կը գործադրէ՝ Սիւնիքի մէջ ստեղծուած իրավիճակի հարթման ուղղութեամբ։

Հինգշաբթի, Մայիս 27, 2021