ՓԵՔԻՆ ԿԸ ՍԱՏԱՐԷ ԵՐԵՒԱՆԻՆ

Հայաստանի եւ Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ երէկ տեղի ունեցան քաղաքական խորհրդակցութիւններ։ Բանակցութիւններու ընթացքին հայկական պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աւետ Ադոնց, իսկ չինականը՝ նոյնպէս Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Լը Եուչըն։ Այս խորհրդակցութիւնները զուգադիպեցան նուրբ ժամանակաշրջանի մը, երբ Ատրպէյճանի զօրքերը ներխուժած են Հայաստանի տարածք։

Երէկուան խորհրդակցութիւններու ընթացքին Չինաստան տեղեկացուց, որ կը սատարէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան։

Հինգշաբթի, Մայիս 27, 2021