ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՓՈԽ-ՏՆՕՐԷՆ
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի փոխ-տնօրէն նշանակուեցաւ Շողեր Մարկոսեան։ Այս կարգադրութեան վերաբերեալ հրապարակուած պաշտօնական մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ նորանշանակ փոխ-տնօրէն Շողեր Մարկոսեան հիմնարկի հետ 2018 թուականէն ի վեր կը գործակցէր՝ որպէս խորհրդատու։
Շողեր Մարկոսեան ուսանած է Լիբանանի, Անգլիոյ եւ Պելժիոյ մէջ՝ մասնագիտանալով անգլերէն գրականութեան եւ մշակութային գիտութիւններու վրայ։ Ան աշխատակցած է հայկական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու՝ մշակոյթի, կրթութեան, արուեստի եւ այլ միջգիտակարգային ոլորտներու մէջ։ Մշակած է նոր ռազմավարութիւններ ու ծրագրեր՝ կեդրոնանալով ժամանակակից նիւթերու եւ մօտեցումներու վրայ։
Շողեր Մարկոսեան 1 յունիս 2022 թուականի դրութեամբ պիտի ձեռնարկէ իր նոր պաշտօնին։ Հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան այս նշանակման կապակցութեամբ ըսաւ. «Շատ ուրախ ենք, որ Շողերը պիտի միանայ մեր անձնակազմին։ Իր հմտութիւնը, մասնագիտութիւնն ու խանդավառութիւնը պիտի հարստացնեն հայ մշակոյթի եւ լեզուի զարգացման միտուած մեր ծրագիրները եւ պիտի ամբողջացնեն անոնց վերաբերեալ մեր համապարփակ մօտեցումը»։