ԱՐԽԻՒԱՅԻՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ

Փա­րի­զի մեր պաշ­տօ­նա­կից «Նոր Յա­ռաջ» թեր­թէն ստո­րեւ կ՚ար­տատ­պենք վեր­ջերս կա­տա­րուած շա­հե­կան հար­ցազ­րոյ­ցը՝ Ե­րե­ւա­նի Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէն Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նի հետ։

*

-Քա­նի՞ տա­րիէ ի վեր Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէ­նի պաշ­տօ­նը կը վա­րէք եւ ընդ­հան­րա­պէս ի՞նչ բա­րե­մաս­նու­թիւն­ներ պէտք է ու­նե­նալ այդ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ստանձ­նե­լու հա­մար։

-2007 թուա­կա­նէն ի վեր կը վա­րեմ Ե­րե­ւա­նի Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէ­նի պաշ­տօ­նը։ Այս պա­տաս­խա­նա­տու գոր­ծին հա­մար նախ պէտք է եր­կար տա­րի­ներ հոն աշ­խա­տե­լու փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ու­նե­նալ եւ բնա­կա­նա­բար քա­ջա­ծա­նօթ ըլ­լալ ձե­ռագ­րա­կան աշ­խար­հին, միջ­նա­դա­րա­գէտ ըլ­լալն ալ պայ­ման է, ինչ­պէս նաեւ կազ­մա­կերպ­չա­կան յատ­կու­թիւն­նե­րը անհ­րա­ժեշտ են, նկա­տի ու­նե­նա­լով որ Մա­տե­նա­դա­րա­նը շատ ինք­նա­տիպ հիմ­նարկ մըն է։ Պէտք է կա­րե­նալ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հետ աշ­խա­տիլ՝ նոր սե­րունդ­ներ ներգ­րա­ւե­լու ա­ռու­մով։ Այս հիմ­նար­կին մէջ աշ­խա­տո­ղը այ­լեւս չի կրնար ան­կէ դուրս իր կեան­քը պատ­կե­րաց­նել։

-Ներ­կա­յիս ի՞նչ թիւ կը կազ­մեն հոն գի­տա­կան աշ­խա­տան­ քով զբա­ղող­նե­րը։

-Շուրջ 170 գի­տաշ­խա­տող­ներ ու­նինք եւ անց­նող եօ­թ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ընդ­հա­նուր առ­մամբ Մա­տե­նա­դա­րա­նի անձ­նակազ­մը ե­ռա­պատ­կուած է։ Ան­կէ ա­ռաջ հոն եր­կար տա­րի­ներ սերն­դա­փո­խու­թիւն չէր կա­տա­րուած, ինչ որ ընդ­հան­րա­պէս ցա­ւա­լի ե­րե­ւոյթ մըն է հա­յա­գի­տու­թեան ա­ռու­մով։ Մենք յա­ջո­ղած ենք գո­նէ Մա­տե­նա­դա­րա­նի մասշ­տա­պով այդ հար­ցը լու­ծել։ Մեր շուր­ջը հա­ւա­քուած ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ար­դէն ո­րոշ չա­փով փոր­ձա­ռու­թիւն ձեռք ձգած են՝ ար­դա­րաց­նե­լով մեր յոյ­սե­րը։ Ա­նոնց­մէ շա­տեր գի­տա­կան աշ­խար­հի մէջ նկա­տե­լի քայ­լեր ա­ռած են։ Առ այդ, ի տար­բե­րու­թիւն այլ հիմ­նարկ­նե­րու մեր ա­պա­գան մշու­շոտ չէ եւ յստակ են մեր հե­ռան­կար­նե­րը։

-Ե­թէ ե­րի­տա­սարդ մը փա­փաք ու­նե­նայ Մա­տե­նա­դա­րան աշ­խա­տե­լու, ի՞նչ պայ­ման­ներ պէտք է լրաց­նէ։

-Մենք ար­դէն ու­նինք գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան կեդ­րոն­ներ, ուր կ՚ըն­դու­նուին մաս­նա­ւոր յատ­կու­թեան տէր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ո­րոնք այ­նու­հե­տեւ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Մա­տե­նա­դա­րա­նի բո­վին մէջ թրծուե­լով կը մաս­նա­գի­տա­նան։ Միւս կող­մէ, այդ գոր­ծին ըն­դու­նակ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը մեր տե­սա­դաշ­տէն չեն հե­ռա­նար եւ ի պա­հան­ջել հար­կին կ՚ընդգր­կուին մեր կազ­մին մէջ։ Ը­սեմ, թէ մեր քով կու գան տար­բեր հա­մալ­սա­րան­նե­րէն՝ պատ­մու­թեան, ա­րուես­տա­բա­նու­թեան, բա­նա­սի­րու­թեան, լե­զուա­բա­նու­թեան, գրա­բա­րա­գի­տու­թեան ճիւ­ղե­րու ու­սա­նող­ներ։ Մենք նաեւ կը մտա­ծենք թարգ­մա­նա­կան հին դպրո­ցը վե­րա­կեն­դա­նաց­նել, նկա­տի ու­նե­նա­լով որ այ­սօր այդ մար­զին մէջ հա­յա­գի­տու­թիւ­նը կը կա­ղայ...։

­Միւս կող­մէ կա­ռու­ցուած է Մա­տե­նա­դա­րա­նի գի­տա­կան նոր հա­մա­լի­րը, որ իր տա­րա­ծու­թեամբ նա­խոր­դին ե­ռա­պա­տիկն է, իսկ ճար­տա­րա­պե­տա­կան ա­ռու­մով կո­թող հան­դի­սա­ցող հին շէն­քը ամ­բող­ջո­վին վե­րա­նո­րո­գուած է։ Այլ խօս­քով Հաս­տա­տու­թիւ­նը ար­դիա­կա­նա­ցուած է եւ ո­րոշ բա­ժին­ներ (ձե­ռագ­րա­պա­հո­ցի, ձե­ռա­գիր­նե­րու վե­րա­կանգն­ման, թուայ­նաց­ման) կը հա­մա­պա­տաս­խա­նեն մի­ջազ­գա­յին ա­մե­նա­բարձր չա­փա­նիշ­նե­րուն։ Բա­րե­լա­ւուած­
են նաեւ հոն աշ­խա­տե­լու պայ­ման­նե­րը, ու­նինք յար­մար ըն­թեր­ցաս­րահ­ներ­
եւ լաւ սպա­սար­կու­թիւն։
­Յայտ­նեմ, թէ մեծ ըն­թեր­ցաս­րահ­նե­րուն մէջ կը տրա­մադ­րուին ձե­ռա­գիր­նե­րու եւ վա­ւե­րա­գիր­նե­րու թուայ­նա­ցուած պատ­կեր­ներ՝ այս­պէ­սով ուղ­ղա­կի շփու­մէ զերծ պա­հե­լով բնա­գիր­նե­րը։ Իսկ ներ­քին ըն­թեր­ցաս­րահ­նե­րուն մէջ մաս­նա­գէտ­նե­րուն կա­րե­լիու­թիւն կը տրուի բա­նալ, կար­դալ եւ ու­սում­նա­սի­րել ձե­ռա­գիր­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ գի­տա­կից ենք, որ կա­րե­լի չէ ըն­թեր­ցո­ղի եւ ու­սում­նա­սի­րո­ղի կա­պը կտրել ձե­ռա­գիր­նե­րէն, ա­տի­կա հե­տա­զօ­տո­ղին հա­մար կեն­սա­կան եւ խորհր­դա­ւոր կապ մըն է։ Այս բո­լոր դիւ­րու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով Մա­տե­նա­դա­րան այ­ցե­լող­նե­րու եւ ըն­թեր­ցող­նե­րու թի­ւը օ­րէ օր կ՚ա­ւել­նայ։

-Ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է Մա­տե­նա­դա­րա­նէն ձեռք ձգել մե­զ հե­տաքրք­րող յա­տուկ նիւթ մը։

-Այդ ուղ­ղու­թեամբ մաս­նա­ւոր կարգ մը մշա­կուած է։ Նախ պէտք է տնօ­րէ­նու­թեան դի­մում ներ­կա­յաց­նել, որ­մէ ետք անհ­րա­ժեշտ նիւ­թե­րուն թուայ­նա­ցուած պատ­կեր­նե­րը դի­մո­ղին կ՚ա­ռա­քուին հա­մա­ցան­ցի մի­ջո­ցաւ։

-Այ­սօր ար­տա­սահ­մա­նէն հա­յա­գի­տու­թեամբ հե­տաքրք­րուող­նե­րը կամ ձե­ռագ­րա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը հե­տա­զօ­տող­նե­րը ի՞նչ թիւ կը կազ­մեն։

-Ա­նոնց թի­ւը հետզ­հե­տէ կ՚ա­ւել­նայ։ Այս ուղ­ղու­թեամբ կ՚ու­զեմ հե­տե­ւեալ յատ­կան­շա­կան օ­րի­նա­կը նշել.­ Հա­յա­գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեան վեր­ջին նիս­տը տե­ղի ու­նե­ցաւ Մա­տե­նա­դա­րա­նին մէջ՝ 2014-ի աշ­նան, որ մաս­նակ­ցող­նե­րու թի­ւին եւ քննար­կուած նիւ­թե­րուն մա­կար­դա­կին ա­ռու­մով ան­նա­խա­դէպ էր։ Այդ ար­դիւ­նա­ւէտ գի­տա­ժո­ղո­վին կը մաս­նակ­ցէին Հա­յաս­տա­նէն եւ Սփիւռ­քէն 70 հա­յա­գէտ բա­նա­խօս­ներ։ Ա­ւար­տին մենք խում­բով այ­ցե­լե­ցինք Ար­ցախ եւ ի շարս մշա­կու­թա­յին եւ գի­տա­կան զա­նա­զան կեդ­րոն­նե­րու, գա­ցինք նաեւ Գան­ձա­սա­րի վա­նա­կան հա­մա­լի­րը, ուր ըն­թա­ցիկ տա­րուան աշ­նան պի­տի բա­ցուի «Մես­րոպ Մաշ­տոց» Մա­տե­նա­դա­րա­նի Գան­ձա­սա­րի գի­տա-մըշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նը։ Ա­սի­կա իմ կար­ծի­քով կա­րե­ւոր պատ­մա­մշա­կու­թա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն մըն է։ Հոն պի­տի ներ­կա­յա­ցուի մեր ձե­ռագ­րա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը, այ­սինքն՝ ինչ որ գրուած է Ար­ցա­խի, Գան­ձա­սա­րի եւ ընդ­հան­րա­պէս պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի գրչու­թեան զա­նա­զան կեդ­րոն­նե­րուն մէջ։ Այն­տեղ ներ­կա­յա­ցուած մեր ար­խի­ւա­յին հարս­տու­թիւ­նը, վա­ւե­րա­գիր­նե­րը գլխա­ւո­րա­բար նուի­րուած պի­տի ըլ­լան Ար­ցա­խի վաղ եւ ուշ միջ­նա­դա­րեան պատ­մա­կան, տնտե­սա­կան կեան­քին։ Այս ուղ­ղու­թեամբ շուրջ չորս տա­րի է որ կ՚աշ­խա­տին տար­բեր խում­բեր։ Օ­րի­նակ՝ ձե­ռա­գիր­նե­րու պատ­ճէ­նա­հան­ման եւ ըն­դօ­րի­նակ­ման խում­բը ստեղ­ծած է ձե­ռա­գիր­նե­րու, բարձ­րա­րուեստ ման­րան­կար­նե­րու պատ­ճէն­ներ։ Ա­ւե­լի քան 100 ձե­ռա­գիր­ներ պի­տի ցու­ցադ­րուին Գան­ձա­սա­րի նոր մաս­նա­ճիւ­ղէն ներս։ Պի­տի ներ­կա­յա­ցուին նաեւ ո­րոշ ձե­ռա­գիր­նե­րու բնօ­րի­նակ­նե­րը։ Իսկ ցու­ցադ­րուե­լիք հա­րուստ վա­ւե­րա­գիր­նե­րը նուի­րուած են Ար­ցա­խի քա­ղա­քա­կան կեան­քին, ա­զա­տագ­րա­կան մա­քա­ռում­նե­րուն։ Հոն տեղ պի­տի գտնեն նաեւ հնա­տիպ գիր­քեր եւ այլ բարձ­րար­ժէք փաս­տա­թուղ­թեր։ Կեդ­րո­նը պի­տի ու­նե­նայ գի­տա­ժո­ղով­նե­րուն յատ­կա­ցուած մեծ դահ­լիճ մը, իսկ բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան զու­գըն­թաց հա­յա­գի­տա­կան մի­ջազ­գա­յին ժո­ղով մը պի­տի կազ­մա­կեր­պենք։ Հոն պի­ ի ու­նե­նանք մնա­յուն վար­չա­կան եւ զբօ­սա­վա­րա­կան խում­բեր։ Պի­տի հաս­տա­տուի նաեւ հա­յա­գի­տա­կան մեծ գրա­դա­րան մը։

Հե­տաքրք­րա­կա­նը այն է, որ այդ կեդ­րո­նին մէջ պի­տի ցու­ցադ­րուին այն ձե­ռա­գիր­նե­րը, ո­րոնք այդ վա­նա­կան հա­մա­լի­րին մէջ գրուած ու ստեղ­ծա­գոր­ծուած են։

-Ո՞վ ստանձ­նած է այս կեդ­րո­նին գան­ձատ­րու­մը։

-Այդ հա­յան­պաստ գոր­ծը յանձն ա­ռած է «Փիւ­նիկ» հա­մա­հայ­կա­կան, բա­րե­սի­րա­կան հիմ­նադ­րա­մը։ Յայտ­նեմ, թէ այս կեդ­րո­նին հաս­տա­տու­մը կ՚իյ­նայ Մա­տե­նա­դա­րա­նի մշա­կած փի­լի­սո­փա­յու­թեան ծի­րին մէջ եւ այ­սօր ­ 100-ա­մեա­կին ­ ան կը հան­դի­սա­նայ մեր մշա­կու­թա­յին վե­րած­նուն­դի վառ ա­պա­ցոյց­նե­րէն մէ­կը։

-Բա­ցի մաս­նա­գէտ­նե­րէ, Մա­տե­նա­դա­րա­նի նկատ­մամբ ինչ­պի­սի՞ հե­տաքրք­րու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ ժո­ղովր­դա­յին խա­ւը։

-Մեր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն մաս կազ­մող շատ տե­ղին հար­ցում մըն է։ Սա­կայն բա­րե­բախ­տա­բար թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ ար­տա­սահ­մա­նի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը խում­բե­րով այ­ցե­լու­թեան կու գան Մա­տե­նադա­րան։ Կը մաս­նակ­ցին ժո­ղովր­դա­յին լայն խա­ւե­րը՝ դպրո­ցա­կան ա­շա­կերտ­նե­րը, ու­սա­նող­նե­րը, զի­ նա­կո­չիկ­նե­րը, ոս­տի­կան­նե­րը, այն ալ ստուար խում­բե­րով՝ հա­զար­նե­րով։

Ժո­ղո­վուր­դը կու գայ իր ինք­նու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու, ան­ցեա­լը հաս-կ­ընա­լու եւ պի­տի տես­նէք ա­նոնց զար­ ման­քը, ու­րա­խու­թիւ­նը եւ հիա­ցու­մը...։ Մենք բո­լորն ալ գրկա­բաց կ՚ըն­դու­նինք։ Ե­թէ նա­խա­պէս մէկ ցու­ցաս­րահ ու­նէինք, այ­սօր 15 ցու­ցաս­րահ­ներ ու­նինք, ո­րոնց­մէ վե­ցին մէջ կը ցու­ցադ­րուին «վե­րապ­րած» ձե­ռա­գիր­նե­րը, ո­րոնք կը ներ­կա­յաց­նեն մեր ազ­գա­յին հո­գե­բա­նու­թեան մա­սին նոր մօ­տե­ցում­ներ, ի յայտ կու գան Հա­յոց պատ­մու­թեան նոր ծալ­քե­րը, մեր այն հե­րոս­նե­րու սխրա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կո­րուս­տէ փրկած են հա­զա­րա­ւոր ձե­ռա­գիր­ներ՝ եր­բեմն ի­րենց կեան­քի գի­նով...։

-Կ՚ը­սուի, թէ ներ­կա­յիս Հա­յաս­տա­նի մէջ մեր մշա­կոյ­թը ան­կում կ՚ապ­րի։ Ար­դեօք դուք հա­մա­ձա՞յն էք այդ տե­սա­կէ­տին։

-Ես բնա­կա­նա­բար ամ­բող­ջո­վին դէմ եմ այդ տե­սա­կէ­տին եւ ա­տի­կա կը հա­մա­րեմ ար­տամ­շա­կու­թա­յին քովն­տի խօ­սակ­ցու­թիւն։ Ա­տի­կա կ՚ը­սեն մշա­կոյ­թէ բան չհասկցող մար­դիկ։ Այ­սօր Մա­տե­նա­դա­րա­նը վե­րելք եւ վե­րած­նունդ կ՚ապ­րի եւ կը հան­դի­սա­նայ մեր մշա­կոյ­թի սրտա­կեդ­րո­նը։ Գրա­կա­նու­թեան մար­զը օ­րի­նակ բե­րե­լով կրնամ ը­սել, թէ ներ­կա­յիս կը հրա­տա­րա­կուին թէ՛ ար­ձակ եւ թէ չա­փա­ծոյ նշա­նա­ւոր գոր­ծեր, ինչ­պէս վա­ղա­մե­ռիկ Լե­ւոն Խե­չո­յեա­նի գրա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը...։

-Խօս­քը ե­զա­կի դէմ­քե­րու մա­սին չէ...։

-Ա­րուես­տը եւ մշա­կոյ­թը ընդ­հան­րա­պէս ի յայտ կու գայ ե­զա­կի դէմ­քե­րով։ Մենք ու­նե­ցած ենք նաեւ Հրանդ Մա­տթէո­սեա­նի նման տա­ղանդ­ներ։

-Ա­տի­կա նախ­կին շրջա­նին կը վե­րա­բե­րի։ Բայց մեր մշա­կոյ­թին ի՞նչ բե­րաւ ան­կա­խու­թիւ­նը եւ ար­դեօք ա­նոր զա­նա­զան մար­զե­րու մաս­նա­գէտ­նե­րը (գրա­կա­նու­թիւն, թատ­րոն, հրա­տա­րա­կու­թիւն, մա­մուլ) պե­տա­կան հո­գա­տա­րու­թեան ար­ժա­նա­ցա՞ն, որ­պէս­զի կա­րե­նան բնա­կան պայ­ման­նե­րու մէջ ար­տադ­րել եւ ստեղ­ծա­գոր­ծել։ Այս ուղ­ղու­թեամբ երբ կը խօ­սէինք Լե­ւոն Խե­չո­յեա­նի հետ, ինք ալ ո­րոշ դժգո­հու­թիւն­ներ ու­նէր տի­րող մտայ­նու­թե­նէն եւ քա­ղա­քա­կան մար­դոց­մէ։

-Մարդ ա­րա­րա­ծը միշտ ա՛լ ա­ւե­լի սպա­սում­ներ կ՚ու­նե­նայ։ Այ­սօր մշա­կոյ­թի «մար­դը» կրնայ ա­զա­տօ­րէն տե­ղա­շարժ կա­տա­րել, լայն շփում­ներ ու­նե­նալ։ Ան ու­նի մեծ կա­րե­լիու­թիւն­ներ։ Ես ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րու բա­ժա­նում չեմ կա­տա­րեր, ո­րով­հե­տեւ մար­դուն տա­ղան­դը կրնայ ժա­մա­նա­կէն ա­ռաջ անց­նիլ։

-Դուք ընդ­հան­րա­պէս ինչ­պէ՞ս կը գնա­հա­տէք ա­ւե­լի քան 23 տարուան ան­կա­խու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը, նկա­տի ու­նե­նա­լով տնտե­սա­կան, քա­ղա­քա­կան դժուար պայ­ման­նե­րը։

-Ես այս տա­րի­նե­րը դժուար մա­քա­ռում­նե­րու եւ կեան­քի վե­րաի­մաս­տա­ւոր­ման շրջան կ՚ա­նուա­նէի, ուր պէտք է բո­լոր ար­ ժէք­նե­րը վերս­տին ի­մաստ ստա­նան, ա­մէն ոք պէտք է վե­րա­յայտ­նա­գոր­ծէ մեր հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րը։

-Ի՞նչ կ՚ը­սէիք ար­տա­գաղ­թի ե­րե­ւոյ­թին մա­սին, ո­րու հե­տե­ւան­քով մե­ծա­թիւ մշա­կու­թա­յին գոր­ծիչ­ներ ձգե­ցին Եր­կի­րը։ Ար­դեօք Հայ­րե­նի­քի՞ն հետ ա­նոնց ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կա­պը պահ­պա­նուած է։ Ա­նոնք նոյն հե­ռան­կա­րով կրնա՞ն ստեղ­ծա­գոր­ծել։

-Ո՛չ, բայց այդ դաշ­տին մէջ ա-կընյայտ ան­կում­նե­րու կող­քին կան նաեւ տուն­դար­ձի նշան­ներ...։ Յա­մե­նայնդէպս Մա­տե­նա­դա­րա­նը «ար­տա­գաղթ» չէ ապ­րած, ընդ­հա­ կա­ռակն։

-Ինչ­պէս ծա­նօթ է, այ­սօր Մա­տե­նա­դա­րա­նը ան­ջա­տուած է ե­կե­ղե­ցիէն։ Ար­դեօք գի­տաշ­խա­տող­նե­րու «աշ­խար­հա­կա­նա­ցու­մը» ո­րե­ւէ հե­տե­ւանք ու­նե­ցա՞ծ է ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուն, հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րուն կամ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան փո­խան­ցում­նե­րուն վրայ։

-Բնա՛ւ, ո­րով­հե­տեւ մեր բո­լոր պատ­մա­բան­նե­րը եւ բա­նա­սէր­նե­րը կը տի­րա­պե­տէին հո­գե­ւոր գի­տե­լիք­նե­րուն եւ Մայր Ա­թո­ռի հետ ա­նոնք միշտ ալ փո­խա­դարձ կա­պի մէջ ե­ղած են։ Ներ­կա­յիս ալ մեծ թի­ւով վար­դա­պետ­ներ կ՚այ­ցե­լեն Մա­տե­նա­դա­րան եւ ձե­ռագ­րա­յին ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կը կա­տա­րեն։ Ա­նոնք կը մաս­նակ­ցին գի­տա­ժո­ղով­նե­րուն։ Ա­ւե­լի՛ն, մեր քով աստ­ււա­ծա­բան­ներ կ՚աշ­խա­տին եւ Մայր Ա­թո­ռի դպրե­վան­քին մէջ կը դա­սա­ւան­դեն, իսկ մեր գի­տաշ­խա­տող­ներն ալ կ՚աշ­խա­տակ­ցին «Էջ­միա­ծին» հան­դէ­սին։ Մեր գի­տա­կան ամ­սա­գիր­ներն ալ բաց են մեր հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն առ­ջեւ։ Այդ գծով բա­ցար­ձա­կա­պէս ո­րե­ւէ խո­չըն­դոտ գո­յու­թիւն չու­նի եւ ե­ղած­ներն ալ ար­հես­տա­կան են։

-Այ­սօ­րուան հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը որ­քա­նո՞վ ա­ռըն­չուած են մեր մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան։

-Ա­նոնք սեր­տօ­րէն կապ­ուած են մեր մշա­կոյ­թին։ Այդ կը վկա­ յէ մեր բնագ­րա­գէտ­նե­րու թի­ւը։ Այ­սօր ըն­թաց­քի մէջ է Մա­տե­նա­դա­րա­նին կող­մէ «Մա­տե­նա­գիրք Հա­յոց» հըս-կա­յա­ծա­ւալ աշ­խա­տու­թեան հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը (77 հա­տոր­նե­րէն ար­դէն 20-ը լոյս տե­սած է), ո­րուն անխ­տիր կը մաս­նակ­ցին բո­լո­րը։ Այս հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը հա­յա­գի­տու­թեան ե­զա­կի ե­րե­ւոյթ­նե­րէն մէկն է։ Գի­տէք մենք ի­րա­պէս ու­նե­ցած ենք «մե­ծու­թիւն­ներ»։ Այս օ­րե­րուն շատ կը խօ­սուի Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի մա­սին՝ իբ­րեւ հան­ճա­րեղ բա­նաս­տեղծ եւ աս­տուա­ծա­բան, սա­կայն շատ քի­չեր գի­տեն, թէ Գրիգոր Նա­րե­կա­ցին «Նա­րե­կեան» դպրո­ցի (այս դպրո­ցին մա­սին հրա­տա­րա­կուած է 1200 էջ­նոց մե­ծա­դիր հա­տոր մը) ար­դիւնք ե­ղած է։ Այդ նոյն դպրո­ցէն ան­ցած են շատ նշա­նա­ւոր մա­տե­նա­գիր­ներ, ո­րոնց­մէ կա­րե­լի է նշել Ա­նա­նիա Նա­րե­կա­ցին, որ Գրիգոր Նա­րե­կա­ցիի ու­սու­ցի­չը ե­ղած է, իսկ Խոս­րով Անձ­րե­ւա­ցին ալ վեր­ջի­նիս հայ­րը ե­ղած է։ Ի յայտ ե­կած են նաեւ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի նոր գոր­ ծե­րը։

-Գի­տա­կան մա­կար­դա­կով Սփիւռ­քի մաս­նա­գէտ­նե­րը ի՞նչ չա­փով կը մաս­նակ­ցին տա­րուող աշ­խա­տան­քին։

-Սփիւռ­քի մտա­ւո­րա­կա­նը Հայ­րե­նիք գա­լով նախ կ՚այ­ցե­լէ Մա­տե­նա­դա­րան եւ եր­բեմն հոն ա­միս­նե­րով կը զբա­ղի ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ։ Ինչ­պէս ար­դէն նշե­ցի, մենք յա­րա­տե­ւօ­րէն փո­խա­դարձ կա­պի մէջ ենք եւ 2014-ին կա­յա­ցած գի­տա­ժո­ղո­վին քննար­կուած նիւ­թերն ու զե­կոյց­նե­րը ստուար հա­տո­րով մը մօտ օ­րէն պի­տի հրա­պա­րա­կուի եւ հա­մա­ցան­ցի մի­ջո­ցաւ հան­րու­թեան մատ­չե­լի պի­տի դառ­նայ։

-Վեր­ջին հար­ցու­մը կը վե­րա­բե­րի ուղ­ղագ­րու­թեան...։

-Ան­մի­ջա­պէս ը­սեմ, թէ մեր մա­տե­նա­շար­նե­րը կամ ձե­ռագ­ րա­ցու­ցակ­նե­րը լոյս կը տես­նեն դա­սա­կան ուղ­ղագ­րու­թեամբ։ Իսկ ընդ­հան­րա­պէս մեր գի­տաշ­խա­տող­նե­րը հա­ւա­սա­րա­պէս կ՚օգ­տա­գոր­ծեն թէ՛ դա­սա­կան եւ թէ նոր ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը։ Սա­կայն բնա­կա­նա­բար ա­նոնք նոր ուղ­ղագ­րու­թեան բո­վին մէջ կ՚աշ­խա­տին։ Կ՚են­թադ­րեմ, թէ ան­հար­կի է ուղ­ղագ­րու­թեան հար­ցին ա­նընդ­հատ սրու­մը։

-Բայց նաեւ լե­զուամ­շա­կոյ­թի եւ լե­զում­տա­ծո­ղու­թեան խնդիր է։

-Իմ կար­ծի­քով՝ մեր բո­լոր մաս­նա­գէտ­նե­րը պէտք է նախ տի­րա­պե­տեն գրա­բա­րին, քա­նի որ գի­տա­կան աշ­խար­հին մէջ ուղ­ղագ­րու­թե­նէն ա­ւե­լի, կա­րե­ւոր է մաս­նա­գի­տա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու խնդի­րը։ Բայց միւս կող­մէ կ՚են­թադ­րեմ, թէ մեր դպրոց­նե­րուն մէջ ան­պայ­մա՛ն պէտք է դա­սա­ւան­դուի Մես­րո­պեան ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը։

Շաբաթ, Յունիս 27, 2015