ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
Երեւանի մէջ այս առաւօտ սկսաւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ Ներկայիս Հայաստան այս կազմակերպութեան շրջանային նախագահ երկիրն է։ ՍԾՏՀԿ-ի Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 38-րդ հանդիպման կը մասնակցին անդամ բոլոր պետութիւններէն պատուիրակութիւններ։ Այս ծիրին մէջ Երեւան կ՚այցելեն Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն ներկայացուցիչներ։
Այս առաւօտ սկսան ժողովները՝ գլխաւորութեամբ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի։ Նստաշրջանի աւարտին համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը հանդէս կու գան Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կարէն Նազարեան եւ ՍԾՏՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Խրիստիատիս։