ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԶԱՆԳ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Ամերիկացի ղեկավարը շնորհաւորութեան զանգ մը տուաւ Էրտողանին՝ շաբաթավերջի ընտրութեան արդիւնքով տարած յաղթանակին բերումով։ Հեռախօսազրոյցը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու համար երկու երկիրներու համատեղ օրակարգի բազում խնդիրները։ Էրտողան եւ Թրամփ շեշտեցին թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու ռազմավարական բնոյթը։ Միեւնոյն ժամանակ անոնք համաձայնեցան՝ որպէսզի հանդիպին ՆԱԹՕ-ի յառաջիկայ գագաթաժողովի օրերուն։ Ինչպէս ծանօթ է, դաշինքի գագաթաժողովը նախատեսուած է Պրիւքսելի մէջ, 11-12 յուլիսին։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, երէկուան հեռախօսազրոյցին ընթացքին Էրտողան եւ Թրամփ վերահաստատեցին նաեւ իրենց կամքը՝ ահաբեկչութեան դէմ համատեղ պայքար մղելու ուղղութեամբ։

Թրամփ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց Էրտողանին եւ վերահաստատեց իր վճռակամութիւնը՝ որպէսզի երկկողմանի համագործակցութիւնը զարգանայ պաշտպանութեան բնագաւառի մէջ եւ զինուորական գետնի վրայ։

Սպիտակ տան աղբիւրներն ալ ամփոփ գիծերու մէջ բացատրութիւններ փոխանցեցին Էրտողան եւ Թրամփ հեռախօսազրոյցին շուրջ։ Այսպէս, երկու ղեկավարները՝ որպէս ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներ եւ գործընկերներ վերահաստատեցին կողմերու ամուր կապերը։ Անոնք որոշած են զարկ տալ՝ համագործակցութիւնը ամրապնդելու ուղղեալ աշխատանքներուն։

Միւս կողմէ, Էրտողան այս շրջանին իրերայաջորդ շնորհաւորականներ կը ստանայ նաեւ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներէն։

Էրտողան-Թրամփ հեռախօսազրոյցի ընթացքին մասնաւորապէս արծարծուեցաւ Մենպիչի պարագային երկու երկիրներու միջեւ ձեռք բերուած ճանապարհային քարտէսի գործադրութեան նիւթը։ Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցերն ալ շօշափուեցան այս ամբողջին մէջ եւ երկու ղեկավարները կարեւորեցին համատեղ աշխատանքը։

Նախագահներու հեռախօսազրոյցէն առաջ եւս Սպիտակ տան աղբիւրները հանդէս եկան յայտարարութեամբ։ Այսպէս, Սպիտակ տան բանբերը նշեց, որ ամերիկեան կողմը կը շարունակէ խրախուսել Թուրքիան՝ որպէսզի ամրապնդէ ժողովրդավարութիւնը եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու առկայ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ զարգացումը շարունակէ։

ՊԵՇԹԵՓԷԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Մինչ այդ, Անգարայի աղբիւրները հաղորդեցին, որ այսօր յետմիջօրէին Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի կ՚ունենայ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի եւ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելիի հանդիպումը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 27, 2018