ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 24-25 յունիսին շփումներ ունեցաւ Փարիզի մէջ։ Աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս ան տեսակցեցաւ ֆրանսական աւելի քան երկու տասնեակ խոշոր ձեռնարկութիւններու եւ այլ ընկերութիւններու ղեկավարներու հետ։ Այդ ձեռնարկութիւններու շարքին էին՝ Dassault Systemes, Channel, Crédit Agricole, Aéroports de Paris, Lactalis Group, CNIM, Egis-Group, Surys։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպումներու ընթացքին Արմէն Սարգսեան ներկայացուց Հայաստանի ներդրումային միջավայրը, յատկապէս՝ երկրէն ներս տեղի ունեցած ներքին քաղաքական փոփոխութիւններու, նոր իշխանութիւններու կողմէ հաւասար եւ օրինական գործարար միջավայր մը ձեւաւորելու ուղղեալ բարեփոխումներու լոյսին ներքեւ։ Արմէն Սարգսեան հաստատեց Հայաստանի մէջ օտարերկրեայ ներդրումներու համար անհրաժեշտ բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու ուղղութեամբ իշխանութիւններու պատրաստակամութիւնն ու յանձնառութիւնը։ Ան շեշտեց Հայաստանէ ներս ներդրումներ կատարելու հրապոյրը՝ դէպի Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան եւ Իրանի շուկաներ բացուելու ներուժով եւ հնարաւորութեամբ։

Նախագահ Սարգսեան անդրադարձաւ այս տարուայ հոկտեմբերին Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան Երեւանի մէջ նախատեսուած գագաթաժողովին զուգահեռ կայանալիք տնտեսական ֆորումին։ Ան ֆրանսացի ձեռներէցները հրաւիրեց՝ որպէսզի աշխոյժ մասնակցութիւն բերեն այդ հաւաքին։

Փարիզի շփումներէն առաջ Արմէն Սարգսեան այցելեց Լոնտոն։ Իր կեցութեան օրերուն Պաքինկըմի պալատէն ներս ան հիւրընկալուեցաւ Անգլիոյ արքունիքին կողմէ։ Լոնտոնի եւ Փարիզի շփումներէն վերջ, նախագահ Արմէն Սարգսեան մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախագահ Սարգսեան Ուաշինկթընի մէջ մասնակցեցաւ հաւաքոյթի մը՝ ամերիկացի խումբ մը խորհրդարանականներու հետ, որոնց առջեւ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Այդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի «Տըրքսէն» մասնաշէնքի երդիքին տակ։ Հաւաքոյթին ներկայ էին նաեւ Սպիտակ տունէն, Փենթակոնէն, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութենէն, ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութենէն եւ այլ կարեւոր կառոյցներէ ներկայացուցիչներ։ Ամերիկահայ համայնքէն դէմքեր ալ ներկայ եղան հաւաքոյթին, որու ընթացքին Արմէն Սարգսեանի կողքին էր Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան։

Հայաստանի նախագահը երէկ ժամանեց Ուաշինկթըն՝ մասնակցելու համար Սմիթսընեան կաճառի «Ազգային կեանք» ամենամեայ փառատօնին, որ այս տարի նուիրուած է հայկական մշակութային ժառանգութեան։

Չորեքշաբթի, Յունիս 27, 2018