ՖՐԱՆՍԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԷՆ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆՆԵՐ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմէն ներս ալեկոծեալ իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներով, անցեալ 24 մայիսին տեղի ունեցած էր Թեմական խորհուրդի ժողով, որու աւարտին Թեմական խորհուրդի ատենապետ Փաթրիս Ճոլոլեան հրաժարած է իր պաշտօնէն։ Նոյն ժողովէն վերջ հրաժարական ներկայացուցած է նաեւ Թեմական խորհուրդի անդամներէն Գեղամ Գեւոնեան։ Թեմական պատգամաւորական ժողովի նախագահ Ժագ Արա Տէյիրմենճեան պաշտօնապէս շրջանառութեան մէջ դրած է այդ հրաժարականները։

Մամուլի հաղորդումներէն յայտնի կը դառնայ, որ Փաթրիս Ճոլոլեան եւ Գեղամ Գեւոնեան տարակարծութիւններ ունեցած են Թեմակալ առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեանի հետ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 27, 2018