ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՊԱՀԱՆՋ

Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս երէկ անակնկալ իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, Գումգաբուի աղբիւրները յետմիջօրէին հաղորդեցին, որ տեղապահի ընտրութեան թուականը ենթարկուած է փոփոխութեան։ Պատրիարքարանի դիւանի հաղորդումներով, երէկ, ժամը 13.50-ին Իսթանպուլի կուսակալութենէն պաշտօնական գրութիւն մը հասած է Գումգաբու եւ այդ հիման վրայ յետաձգուած է տեղապահի ընտրութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Պոլսոյ Աթոռի Եկեղեցականաց համագումարը այս առաւօտ տեղի պիտի ունենար՝ պատրիարքական տեղապահի ընտրութեան օրակարգով։ Այժմ, Եկեղեցականաց համագումարը շաբաթ մը յետաձգուած է։ Այսպէս, տեղապահի ընտրութեան նոր թուականն է 4 յուլիս 2019, հինգշաբթի։ Ժողովը պիտի գումարուի նոյնպէս առաւօտ 10.00-ին, ինչպէս որ պիտի ըլլար այսօր։

Պատրիարքարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական զեկոյցին մէջ այս յետաձգման պատճառներուն մասին որեւէ մանրամասնութիւն նշուած չէ։ Ըստ մեր ստացած անպաշտօն տեղեկութիւններուն, Ներքին գործոց նախարարութեան եւ Իսթանպուլի կուսակալութեան միջեւ համապատասխան աշխատանքներու համակարգման իմաստով յառաջացած են շարք մը անհրաժեշտութիւններ, որոնց հիման վրայ Պատրիարքարանէն պահանջուած է տեղապահի ընտրութեան շաբաթ մը յետաձգուիլը։

Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանման յաջորդած քառասնօրեայ սուգի շրջանի աւարտին Կրօնական ժողովը գումարուելով սկիզբը դրած էր Աթոռի նոր՝ 85-րդ գահակալի ընտրութեան գործընթացին։ Կրօնական ժողովը ձայներու մեծամասնութեամբ որոշած էր պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը յառաջ տանիլ ընդհանուր փոխանորդի գլխաւորութեամբ՝ վերջին տասնամեակին ձեւաւորուած գործնականութեան ի շարունակութիւն։ Ժողովէն անմիջապէս վերջ նոր պատրիարքի ընտրութեան ձեռնարկելու համար պաշտօնապէս դիմում կատարուած էր Իսթանպուլի կուսակալութեան։ Երբ այդ դիմումին գրաւոր պատասխանը կ՚ակնկալուէր, անցեալ մայիսի 13-ին անակնկալօրէն Պատրիարքարան այցելած էր Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու՝ ընկերակցութեամբ Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայայի։ Կրօնական ժողովի անդամներուն առընթեր այդ այցելութեան ներկայ եղած էր նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Այս այցելութիւնը ձեւով մը պատրիարքական ընտրութեան համար կատարուած պաշտօնական դիմումի առաջին արձագանգը եղած էր։ Նախարար Սիւլէյման Սոյլու յայտնած էր, որ մինչ գրաւոր պատասխանին ուղարկուիլը, պետութեան առաջին արժեւորումը եղած էր այն, որ աւելի նպատակայարմար է գործընթացի մեկնարկը տալ տեղապահի մը ընտրութեան։ Սիւլէյման Սոյլու փափաք յայտնած էր, որ տեղապահի ընտրութիւնը կազմակերպուէր անցեալ շաբաթավերջին կրկնուած Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի ընտրութենէն անմիջապէս վերջ։ Կրօնական ժողովը որոշած էր ընթացք տալ նախարարի փափաքին՝ ամենայն ներդաշնակութեամբ ընթանալու համար պետական իշխանութիւններուն հետ։ Քանի որ նախարարին կողմէ պահանջուած էր յուլիսի 23-էն անմիջապէս վերջ տեղապահի ընտրութեան կազմակերպումը, Կրօնական ժողովը որոշած էր այսօր իսկ՝ յունիսի 27-ին ժողովի հրաւիրել Եկեղեցականաց համագումարը։

Այս բոլորէն վերջ Իսթանպուլի կուսակալութենէն երէկ յետմիջօրէին Պատրիարքարան հասած պաշտօնական գրութիւնը իսկապէս եղած է մեծ անակնկալ մը։ Նիւթը կայծակնային արագութեամբ տարածուած է մեր համայնքէն եւ ընդհանրապէս հայաշխարհէն ներս։ Ըստ երեւոյթին, մանրամասնութիւններն ու պատճառները յայտնի կը դառնան որոշ չափով։ Յամենայնդէպս, այժմու վիճակով տեղապահի ընտրութիւնը պիտի կատարուի յաջորդ հինգշաբթի՝ 4 յուլիս 2019 թուականին։ Հարկ է յիշեցնել, որ տեղապահի անխուսափելի թեկնածուները պիտի ըլլան Պոլսոյ Աթոռի քաղաքիս մէջ՝ տեղւոյն վրայ պաշտօնավարող երկու սրբազանները՝ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ու Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը։

Հինգշաբթի, Յունիս 27, 2019