ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մարք Էսփըրի հետ։ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ժողովին առթիւ անոնք կը գտնուէին Պրիւքսելի մէջ եւ տեսակցեցան Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններուն տեսակէտէ բաւական բարդ իրավիճակի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիա մօտ օրէն պիտի ձեռքբերէ Ս-400 հակաօդային պաշտպանութեան ռուսական համակարգեր։ Ամերիկեան կողմը բուռն ձեւով կը հակազդէ այս նախաձեռնութեան դէմ եւ կը ծրագրէ պատժամիջոցներ գործադրել Թուրքիոյ դէմ։ Ուաշինկթըն մտադիր է նաեւ Թուրքիան այս պատճառով դուրս թողուլ Ֆ-35 ռազմաօդանաւերու արտադրութեան ծրագրէն։ Ըստ Պրիւքսելէ հասած լուրերուն, այժմու լարուած մթնոլորտի պայմաններուն ներքեւ թէ՛ Թուրքիա եւ թէ ԱՄՆ կը շարունակեն անշեղօրէն հաւատարիմ մնալ իրենց դիրքորոշումներուն։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին կարեւորուեցաւ Թուրքիա-ԱՄՆ երկխօսութեան տեւականացումը։ Սուրիոյ տագնապին շուրջ կողմերը կատարեցին ընդհանուր արժեւորում մը։ Աքար եւ Էսփըր կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Ֆ-35 ռազմաօդանաւերու ծրագրին շուրջ։ ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ անվտանգութեան ու պաշտպանութեան ոլորտներէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերեալ նիւթերու։
Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ օրերուն Ճաբոնի Օսաքա քաղաքին մէջ ժամադրուած են երկու երկիրներու նախագահները՝ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Տանըլտ Թրամփ, որոնք այնտեղ պիտի մասնակցին «Կ-20»ի գագաթաժողովին։