«ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՈՂՋՈՅՆ»

Հայաստանի Տիկնիկային թատրոնի դերասանները «Երաժշտական ողջոյն» նախաձեռնութեամբ կը բարեւեն իրենց գործընկերները։ Այսպէս, «Յովհաննէս Թումանեան» պետական տիկնիկային թատրոնի երիտասարդ դերասանները նախաձեռնած են «Երաժշտական ողջոյն» ծրագիրը, որու շրջանակներէն ներս երգով կը բարեւեն այլ թատրոններու մէջ աշխատող իրենց գործընկերները:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ ողջոյնի տեսանիւթը զետեղուած է թատրոնի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջին վրայ: Թատրոնի դերասանները իրենց առաջին  ողջոյնը ուղարկած են «Սօս Սարգսեան» Համազգային թատրոնին:

«Կ՚առաջարկենք հերթականութեամբ թատրոնէ թատրոն ուղարկել ձեր ողջոյնը: Ողջոյնի ձեւը ազատ է: Մենք բոլորս մէկ ընտանիք ենք: Կեցցէ՛ հայ թատրոնը եւ անոր ապագան», կ՚ըսուի տեսանիւթի կից գրառման մէջ:

Շաբաթ, Յունիս 27, 2020