ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՄԵՐԳ

Ռուսական արուեստի թանգարանը հանդէս եկաւ «Երաժշտական ուրբաթներ» առցանց ծրագրով։ Այսպէս, Ռուսական արուեստի թանգարանը նախաձեռնած է «Երաժշտական ուրբաթներ» դասական համերգային առցանց ծրագիրը, որու շրջանակներէն ներս երէկ թանգարանի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջին վրայ ներկայացուեցան Միխայիլ Քոքժայեւի «Աւէ Մարիա» եւ «Լուսնքա» ստեղծագործութիւնները:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ մենակատարն էր միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր, օփերայի երգչուհի Ստեֆանի Քոչարեան:

Համերգին հանդէս եկաւ «Արս Լունկա» երկերկը: Թաւջութակահարն էր Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ Արամ Թալալեան, իսկ դաշնակահարը՝ Ճուլիեթա Վարդանեան:

Նուագակցեցաւ լարային քառեակը. առաջին ջութակ՝ Էրիք Մանուկեան, երկրորդ ջութակ՝ Ռիմ Միրզոեան, ալտահար՝ Նարեկ Ասատրեան, իսկ թաւջութակահար՝ Միքայէլ Նաւասարդեան:

Շաբաթ, Յունիս 27, 2020