«ԵՐԵՒԱՆ ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ՅԱՌԱՋ ՇԱՐԺՈՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ։ ԱՅՍ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ ՄԷՋ ԺԱՄԿԷՏ ՍԱՀՄԱՆՈՒԱԾ ՉԷ»

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Երեւան Անգարայի եւ Պաքուի վերաբերեալ գործընթացները իրարու չի կապեր։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արմէն Գրիգորեան երէկ ելոյթ մը ունեցաւ՝ Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Կառուցելով ապագան» խորագրեալ ֆորումի ընթացքին։ Ան այս առթիւ անդրադարձաւ այն դիտարկումներուն, ըստ որոնց, Թուրքիա Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները չի կարգաւորեր՝ որքան ատեն որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւն չգոյանայ։ Գրիգորեան այս կապակցութեամբ ըսաւ.

«Մենք երկու գործընթացները կը տեսնենք տարբեր ուղիներով։ Կան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները։ Մենք անոնց ուղղութեամբ տարբեր ձեւով կ՚աշխատինք։ Այո, կրնայ ըլլալ որոշ փոխկապակցուածութիւն մը։ Բայց մեր մօտեցումը հետեւեալն է. եթէ կան լուծելու երկու բարդ բանաձեւեր ու դուք այդ բարդ բանաձեւերը կը միացնէք, ապա լուծումը աւելի դժուար կ՚ըլլայ։ Այսպէսով, զանոնք պէտք է բաժնել։ Մեր ըմբռնումն ու մօտեցումը այն է, որ մենք ունինք երկու տարբեր ուղղութիւն»։

Արմէն Գրիգորեան նշեց, որ Հայաստան կ՚ակնկալէ՝ դիւանագիտական անցագրի տէրերու եւ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար ցամաքային սահմանի բացման ուղղութեամբ գոյացած համաձայնութեան կեանքի կոչուիլը։ «Հայաստան Թուրքիայէն գործողութիւններու կը սպասէ՝ յառաջ շարժուելու համար։ Այս գործընթացին մէջ ժամկէտ սահմանուած չէ», ընդգծեց ան։ Արմէն Գրիգորեան ֆորումի ընթացքին նշեց, որ Հայաստան կ՚ընդլայնէ իր յարաբերութիւնները ո՛չ միայն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոմիութեան՝ այլեւ աշխարհի զանազան երկիրներուն հետ։ Ան այս ամբողջին մէջ թուարկեց նաեւ Հնդկաստանը՝ մանաւանդ անվտանգութեան ոլորտի կտրուածքով։ Գրիգորեան մատնանշեց նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Մերձաւոր Արեւելքի այլ բազմաթիւ երկիրները։

Մինչ այդ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով այսօր պաշտօնական այց մը կու տայ Թիֆլիզ, ուր կը հիւրընկալուի Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Իլիա Տարչիաշվիլիի կողմէ։ Օրուան տեւողութեան նախատեսուած են իր հանդիպումները Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէի եւ խորհրդարանի նախագահ Շալվա Փափուաշվիլի հետ։ Թիֆլիզ-Պաքու առանցքին վրայ կը քննարկուին տարածաշրջանային համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի ու Եւրոասիոյ գծով օգնական Ճէյմս Օ՚Պրայըն կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ Ան երկու շաբաթ առաջ այցելած էր Երեւան, իսկ անցեալ ամիս՝ Թիֆլիզ։

Հինգշաբթի, Յունիս 27, 2024