ՌՈՒԹԷ Կ՚ԱՆՑՆԻ ՆԱԹՕ-Ի ԳԼՈՒԽԸ

Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռութէ երէկ պաշտօնապէս ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար նշանակուեցաւ։ Յառաջիկայ հոկտեմբերի 1-ին ան պիտի ստանձնէ այդ պաշտօնը՝ յաջորդելով Եէնս Սթոլթենպերկին, որ տասն տարիէ ի վեր կը վարէ այդ պաշտօնը։ Երեսուներկու երկրէ բաղկացեալ դաշինքին մէջ նոր շրջան մը պիտի սկսի՝ Մարք Ռութէի պաշտօնի կոչուելով։ Յամենայնդէպս, ըստ մեկնաբաններուն, Ռութէ պիտի շարունակէ Սթոլթենպերկի գիծը՝ հաւասարակշռուած դիրքորոշումով մը բոլորի զգայնութիւնները չանտեսելու ուղղութեամբ։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Մարք Ռութէի հետ կապ հաստատելով շնորհաւորեց անոր նշանակումը։ Յաջորդ ամիս Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած է ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը, որու ծիրէն ներս ծրագրուած է Էրտողանի եւ Ռութէի հանդիպումը։ Բաց աստի, հաւանական է, որ Մարք Ռութէ Թուրքիա այցելէ Ուաշինկթընի այդ հաւաքէն առաջ։

Մարք Ռութէ պաշտօնի պիտի ձեռնարկէ, երբ Թուրքիա-ՆԱԹՕ յարաբերութիւններու մէջ՝ որպէս առաջնահերթութիւն ի յայտ կու գայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը։ Նորանշանակ ընդհանուր քարտուղարը Եւրոպայի ամենափորձառու քաղաքական գործիչներէն մին է, ինչ որ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նաեւ ՆԱԹՕ-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն տեսակէտէ՝ քանի դաշնակից երկիրներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը Եւրոմիութեան անդամ է։

Հինգշաբթի, Յունիս 27, 2024