ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻ ՄՐՑԱԿԻՑՆԵՐԸ

2018 թուա­կա­նին Ռու­սաս­տա­նի մէջ կա­յա­նա­լիք Ֆութ­պո­լի հա­մաշ­խար­հա­յին ա­խո­յե­նու­թեան ո­րա­կա­ւոր­ման փու­լին հա­մար շա­բա­թա­վեր­ջին վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն տե­ղի ու­նե­ցաւ Սէն Փե­թերս­պուր­կի մէջ։ Աշ­խար­հի ա­ռաջ­նու­թեան ո­րա­կա­ւոր­ման փու­լի Եւ­րո­պա­յի գօ­տիի վի­ճա­կա­հա­նու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան ՖԻ­ՖԱ-ի եւ Ո­ՒԷ­ՖԱ-ի նա­խա­գահ­նե­րը, եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ ֆութ­պո­լի աշ­խար­հէն բա­զում վառ դէմ­քեր։

Վի­ճա­կա­հա­նու­թեան ար­դիւն­քին Հա­յաս­տան մաս կազ­մեց E խում­բին, ուր իր մրցա­կից­նե­րը պի­տի ըլ­լան Ռու­մա­նիա, Դա­նիա, Լե­հաս­տան, Մոն­թե­նեկ­րօ եւ Ղա­զա­խիս­տան։

Եւ­րո­պա­յի գօ­տիէն վի­ճա­կա­հա­նու­թեան ար­դիւն­քին ստեղ­ծուած ինն խում­բե­րու յա­ռա­ջա­տար­նե­րը ի­րա­ւունք պի­տի ու­նե­նան ուղ­ղա­կիօ­րէն մաս­նակ­ցե­լու աշ­խար­հի ա­ռաջ­նու­թեան։ Իսկ երկ­րորդ դիր­քը զբա­ղե­ցու­ցած ութ հա­ւա­քա­կան­նե­րը պի­տի պայ­քա­րին մնա­ցեալ չորս ու­ղե­գիր­նե­րուն հա­մար։

2018 թուա­կա­նի Սեպ­տեմ­բե­րին Ռու­սաս­տա­նի տասն­մէկ քա­ղաք­նե­րուն մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Հա­մաշ­խար­հա­յին ֆութ­պո­լի ա­ռաջ­նու­թիւ­նը, իսկ եզ­րա­փա­կի­չը նա­խա­տե­սուած է Մոս­կուա­յի մէջ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2015