ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆՑ ՎԱՔԸՖՆԵՐԸ ՄԻԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ ՈՐԴԵԳՐԵՑԻՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԱՅԻՆ ՔԱՐՏԷՍ ՄԸ՝ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Տոց. Թորոս Ալճանի գլխաւորութեամբ անցեալ Ուրբաթ տեղի ունեցաւ փոքրամասնական համայնքներու աշխարհական ղեկավարներու խորհրդակցութիւնը։ Պուլկար համայնքի Շիշլիի Էկզարքութեան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որու մասնակիցներու շարքին էին Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, Համայնքային վաքըֆներու հարթակի ատենադպիր Յարութիւն Շանլը, Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ եւ Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մատակարար մարմնի ատենապետ Գրիգոր Աղապալօղլու։
Նկատի ունենալով, որ Թորոս Ալճան միջոց մը առաջ փոքրամասնական վաքըֆներու իրաւաբաններու հետ ալ խորհրդակցութիւն մը իրականացուցած էր՝ ան համայնքներու աշխարհական ղեկավարներուն հետ կազմակերպուած ժողովին ընթացքին փոխանցեց այդ մասնագիտական տեսակէտները։ Ուստի, փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու առկախուած ընտրութեան հարցին վերաբերեալ աշխարհական ղեկավարները հերթական անգամ տեսակէտներ արտայայտեցին։ Համապատասխան կանոնագրութեան ժամ առաջ պատրաստուելուն ու հաստատուելուն առաջադրութեամբ ճանահարպային քարտէս մը որդեգրուեցաւ միաձայնութեամբ։