ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Հիւլէական սպառազինութիւններու կրճատման գործընթացը նկատելիօրէն դանդաղ կ՚ընթանայ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Ընդհակառակն, այն պետութիւնները, որոնք ունին հիւլէական սպառազինութիւն, կը շարունակեն անոր արդիականացումը։ Սթոքհոլմի Խաղաղութեան հիմնախնդիրներու հետազօտութեան միջազգային կաճառը վերջերս հրապարակեց այս նիւթին վերաբերեալ զեկոյց մը։ Ըստ այդ կաճառի «Միջուկային սպառազինութիւններու ծրագիր»ի ղեկավար Շենոն Քայմի, հակառակ սպառազինութիւններու քանակին, տեղի ունեցող կրճատումը, միջուկային սպառազինութեան բնագաւառէն ներս իսկական յառաջընթացի մը հեռանկարները առ այժմ կը դարձնէ մշուշոտ։ Բոլոր միջուկային տէրութիւնները կը շարունակեն միջուկային զսպումը դարձնել իրենց ազգային անվտանգութեան ապահովման ռազմավարութեան անկիւնաքարը։
Տարեսկիզբի դրութեամբ ինն միջուկային տէրութիւններու՝ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Չինաստանի, Հնդկաստանի, Փաքիստանի, Իսրայէլի եւ Հիւսիսային Քորէայի ընդհանուր զինանոցը կազմած է 4.1 հազար ծաւալուած միաւոր։ Առանձին մարտագլխիկներու հաշուառմամբ այս ցուցանիշը կը կազմէ 15 հազար 395 միաւոր։ Անցեալ տարեսկիզբին այդ թիւն էր 15 հազար 850 միաւոր։
Ըստ տեղեկագրին, կրճատման ուղղութեամբ դրական արդիւնքներ ապահովուած են ըստ էութեան Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի ռազմավարական միջուկային սպառազինութիւններու թուաքանակի նուազեցման շնորհիւ։ Այս երկու երկիրներուն բաժին կը վիճակի համաշխարհային միջուկային զինանոցի աւելի քան 93 տոկոսը։
Bloomberg-ն ալ վերջերս հաղորդեց, թէ սպառազինութիւններու համաշխարհային շուկան 2015 թուականին աճած է 10 տոկոսով ու հասած՝ 65 միլիառ տոլար ծաւալի։ Տարի մը առաջ այդ ծաւալը 58.4 միլիառ տոլար էր։ Այս աճը առաւելագոյնն է վերջին տասն տարիներուն ընթացքին։ Հիմնական պատճառը այն է, որ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ ռազմական գնումները էապէս աւելցած են 2015 թուականին՝ հասնելով 9.3 միլիառ տոլարի սահմանը։
HIS ընկերութեան կողմէ պատրաստուած հաշուետուութիւն մը ցոյց կու տայ այս բոլոր տուեալները։ Այդ հաշուետուութիւնը կը կոչուի Համաշխարհային պաշտպանութեան առեւտուրի զեկոյց։ Ըստ նոյն տուեալներուն, Սէուտական Արաբիոյ կողմէ սպառազինութիւններու գնումներու էական աճը պայմանաւորուած է անոր մասնակցութեամբ Եէմէնի հակամարտութեան։ Այդ նոյն փաստին բերումով է, որ համաշխարհային ռազմական վաճառքները 2015 թուականին աճած են 10 տոկոսով։
Զէնքի ու զինամթերքի պահանջարկը էապէս աճած է նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի եւ հարաւ-արեւելեան Ասիոյ մէջ։
2015-ի տուեալներով՝ Սէուտական Արաբիան սպառազինութիւններու ներածման առումով աշխարհի վրայ առաջին տեղը զբաղեցուցած է՝ տարի մը առաջուան բաղդատմամբ իր գնումները աւելցնելով 50 տոկոսով։ Անցեալ տարուան տուեալներով՝s երկրորդ տեղը զբաղեցուցած է Հնդկաստան եւ երրորդ տեղը՝ Աւստրալիա։