ՊԷՏՔ Է ՅԱՆՁՆՈՒԻ

Յու­նի­սի 15-ի զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձի լայ­նա­ծա­ւալ հե­տաքն­նու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի եւ այս մթնո­լոր­տին մէջ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղովն ալ ե­րէկ ո­րո­շեց կազ­մել յանձ­նա­խումբ մը՝ հար­ցաքն­նե­լու հա­մար դէպ­քե­րը։ Զար­ման­քի սահ­մա­նէն ան­դին, հան­րա­յին կար­ծի­քը բա­ռին բուն ի­մաս­տով ապ­շած կը հե­տե­ւի այս զգա­յա­ցունց հե­տաքն­նու­թեան, ո­րու շրջագ­ծով ա­մէն օր կը կա­տա­րուին բա­ցա­յայ­տում­ներ։ Երկ­րէն ներս հաս­տա­տուած ար­տա­կարգ դրու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ յա­մառ ու ա­րագ թա­փով յա­ռաջ կը տա­րուին հա­մա­պա­տաս­խան աշ­խա­տանք­նե­րը։

Բաց աս­տի, ձա­խող պե­տա­կան հա­րուա­ծը կազ­մա­կեր­պած ա­հա­բեկ­չա­կան զու­գա­հեռ կա­ռոյ­ցի՝ ՖԵ­ԹԷՕ-ի ա­ռաջ­նորդ Ֆե­թհուլ­լահ Կիւ­լէ­նի ճա­կա­տա­գիրն ալ կը շա­րու­նա­կուի դա­սուիլ երկ­րի օ­րա­կար­գի ա­ռաջ­նա­հերթ նիւ­թե­րուն շուրջ։ Ծա­նօթ է, որ Ֆե­թհուլ­լահ Կիւ­լէն տա­րի­նե­րէ ի վեր կը բնա­կի Փեն­սիլ­վա­նիոյ մէջ ու մա­նա­ւանդ Յու­լի­սի 15-ի ապ­րուած­նե­րէն վերջ՝ Թուր­քիա յա­մա­ռօ­րէն կը պա­հան­ջէ, որ­պէս­զի Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը ար­տա­յանձ­նէ զայն։ Այս հար­ցին շուրջ իշ­խա­նու­թեան եւ ընդ­դի­մու­թեան մօ­տե­ցում­նե­րը ի­րե­րան­ման են։ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ եւ գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պե­տը՝ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու ե­րէկ յայ­տա­րա­րե­ցին, որ Ֆե­թհուլ­լահ Կիւ­լէն պէտք է յանձ­նուի Թուր­քիոյ։ Անգ­լիա­կան «Տը Կար­տիըն» թեր­թին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ մատ­նան­շեց, որ Թուր­քիոյ եւ ԱՄՆ-ի մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նին խոր ան­ցեալ, բա­րե­կա­մու­թիւն եւ դաշ­նակ­ցա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ։ Հե­տե­ւա­բար, վար­չա­պե­տին հա­մոզ­մամբ, ԱՄՆ դիրք պի­տի չգրա­ւէ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան ղե­կա­վար Կիւ­լէ­նի կող­քին։ Եըլ­տը­րըմ ա­ւել­ցուց, թէ պե­տա­կան հա­րուա­ծի կա­սե­ցու­մէն վերջ հսկո­ղու­թեան տակ առ­նուած­նե­րը սկսան տալ ցուց­մունք­ներ, ո­րոնք ու­նին խոս­տո­վա­նու­թեան բնոյ­թը, թէ շատ եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր կը ծրագ­րուէր այս պե­տա­կան հա­րուա­ծը։ Վար­չա­պե­տին խօս­քե­րով, տա­կա­ւին ԱՄՆ չեն ու­ղար­կուած այն թղթած­րար­նե­րը, ո­րոնք բա­ցա­յայտ ա­պա­ցոյց­ներ կը բո­վան­դա­կեն՝ Ֆե­թհուլ­լահ Կիւ­լէ­նի ու­նե­ցած մաս­նակ­ցու­թեան շուրջ այս ձա­խող պե­տա­կան հա­րուա­ծին։ Այդ կէ­տէն սկսեալ, ԱՄՆ պէտք է մտա­ծէ, թէ ինչ­պի­սի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մը պէտք է ու­նե­նայ Թուր­քիոյ հետ, որ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ու հա­մաշ­խար­հա­յին հար­թու­թեան վրայ ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կեր մըն է ի­րեն հա­մար։

Իր կար­գին, ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուն ալ ե­րէկ յայտ­նեց, թէ Ֆե­թհուլ­լահ Կիւ­լէն բա­ցար­ձա­կա­պէս պէտք է յանձ­նուի Թուր­քիոյ։ Այս նիւ­թին շուրջ ար­տա­յանձն­ման պա­հան­ջի յա­ռաջ քշուի­լը եւ եր­կու նա­խա­րար­նե­րու դէ­պի ԱՄՆ այ­ցե­լու­թեան պատ­րաս­տուի­լը դրա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ կը հա­մա­րուին ՃՀՓ­-ի տե­սա­կէ­տէ։

Քը­լըչ­տա­րօղ­լու ե­րէկ այ­ցե­լեց ոս­տի­կա­նու­թեան Մաս­նա­ւոր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու բա­ժան­մուն­քը, որ կը գտնուի Ան­գա­րա­յի Կէօլ­պա­շը շրջա­նին մէջ։ Այդ կա­րե­ւոր ոս­տի­կա­նա­կան կեդ­րո­նը Յու­լի­սի 15-ի գի­շե­րը յե­ղաշրջ­ման փորձ կա­տա­րած հեր­ձա­տի­րա­կան խում­բին հիմ­նա­կան թի­րախ­նե­րէն մին դար­ձած էր։ Հե­տե­ւա­բար, Քը­լըչ­տա­րօղ­լու զօ­րակ­ցու­թեան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Կէօլ­պա­շը։ Զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խա­նե­լով՝ ան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ օր մը ա­ռաջ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նին եւ խորհր­դա­րա­նի մէջ ներ­կա­յա­ցուած կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման։ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուի խօս­քե­րով, այդ տե­սակ­ցու­թիւ­նը ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան մշա­կոյ­թի զար­գաց­ման տե­սան­կիւ­նէն շատ կա­րե­ւոր էր։ Ըստ ի­րեն, պե­տա­կան հա­րուա­ծի փոր­ձին դէմ բո­լո­րին կող­մէ հա­սա­րա­կաց դիր­քո­րո­շու­մի որ­դեգ­րու­մը ու մա­նա­ւանդ ժո­ղո­վուր­դին փո­ղոց դուրս գա­լով զգայ­նու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լը կը ներ­կա­յաց­նեն մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն։

Ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցա­պե­տը մատ­նան­շեց, թէ Թուր­քիոյ մէջ բո­լոր քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան, ի­րա­ւու­նքի գե­րա­կա­յու­թեան շուրջ հա­սա­րա­կաց դիր­քո­րո­շում մը որ­դեգ­րե­լը, նման ընդ­հա­նուր տե­սա­կէ­տի մը ձե­ւա­ւո­րուի­լը կը ներ­կա­յաց­նէ էա­կան նշա­նա­կու­թիւն։ 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 27, 2016