ԱՇԽՈՒԺԱՑՆԵԼ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Իսրայէլի Տարածքաշրջանային համագործակցութեան նախարար Ցախի Հանեկպիի հետ, որ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Ողջունելով հիւրը՝ Նալպանտեան կարեւորեց Իսրայէլէն նախարարի մակարդակով այցելութիւնը Հայաստան։ Ան ընդգծեց, որ հայ եւ հրեայ ժողովուրդներու յարաբերութիւնները ունին պատմական խոր արմատներ, որոնք լաւ հիմք կը ստեղծեն միջպետական համագործակցութեան զարգացման համար։ Շնորհակալութիւն յայտնելով Երեւան այցելելու հրաւէրին եւ ջերմ ընդունելութեան համար՝ Հանեկպի նշեց, որ Իսրայէլ կը փափաքի զարգացնել բարեկամական յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ եւ սա է իր այցելութեան հիմնական պատգամը։

Զրուցակիցները հանգամանօրէն անդրադարձան երկկողմանի օրակարգի զանազան հարցերուն, քննարկեցին տարածքաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով հրատապ խնդիրներ։ Նախարարները գոհունակութեամբ արձանագրեցին հասարակական մակարդակով հայ-իսրայէլական շփումներու աշխուժացումը։ Անոնք ընդգծեցին, որ այդ բոլորը կը նպաստեն միջպետական յարաբերութիւններու ամրապնդման։

Եդուարդ Նալպանտեան եւ Ցախի Հանեկպի կարեւորեցին իրաւապայմանագրային դաշտին ընդլայնումը, արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ խորհրդակցութիւններու կազմակերպումը, միջազգային կազմակերպութիւններէ ներս համագործակցութեան սերտացումը, միջխորհրդարանական փոխանակումներու աշխուժացումը։ Բանակցութիւններու օրակարգին վրայ էին առեւտրատնտեսական կապերու խթանման ուղղեալ քայլերը, երկուստեք կարեւորուեցան զբօսաշրջութեան ներուժի լիարժէք օգտագործումը։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան մշակոյթի, գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտներէ ներս փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան խորացման առընչուած հարցեր։

Ցախի Հանեկպի ներկայացուց Իսրայէլի մօտեցումները տարածքաշրջանային զարգացումներուն շուրջ։ Ընդառաջելով հիւրի խնդրանքին՝ Նալպանտեանն ալ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու նպատակով համապատասխան պայմաններու ստեղծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ ձեռնարկուած ջանքերուն։

Նախարարներու հանդիպումէն վերջ տեղի ունեցաւ շարք մը փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն։ Այսպէս, Նալպանտեան եւ Հանեկպի ստորագրեցին համաձայնագրեր, որոնք կը նախատեսեն Հայաստանի եւ Իսրայէլի միջեւ դիւանագիտական անցագրի տէր անձերու պարագային վիզայի անհրաժեշտութիւնը ջնջելու, եկամուտներու եւ գոյքի կրկնակի հարկումը բացառելու եւ հարկերէ խուսափումը կանխելու։ Հանեկպի Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանի հետ ալ ստորագրեց երկու երկիրներու միջեւ 2017-2020 թուականներու մշակոյթի, կրթութեան, գիտութեան, մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան մասին ծրագիրը։ 

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ

Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանն ալ Ցախի Հանեկպիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան հետ քննարկեց տնտեսական համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները։ Ողջունելով հիւր պատուիրակութեան այցելութիւնը՝ Կարէն Կարապետեան նշեց, որ Հայաստան հետաքրքրուած է Իսրայէլի հետ համագործակցութեան զարգացմամբ եւ յատկապէս տնտեսական կապերու աշխուժացմամբ։ Ան դրական համարեց երկու երկիրներու միջեւ հաստատուած ուղիղ թռիչքները։ Ցախի Հանեկպին ալ ընդգծեց Իսրայէլի պատրաստակամութիւնը՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները խորացնելու ուղղութեամբ։ Իր այցելութեան նպատակն է հայ գործընկերներու հետ քննարկումներու արդիւնքով տնտեսական, տեղեկատուական փորձագիտութիւններու, զբօսաշրջութեան, առեւտուրի, գիւղատնտեսութեան բնագաւառներէ ներս բացայայտել այն ուղղութիւնները, որոնց ծիրին մէջ կողմերը կրնան գործնական փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութիւն մը ծաւալել։

Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստանի եւ Իսրայէլի միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու եւ գործարար կապերու աշխուժացման հեռանկարներուն շուրջ։ Կարէն Կարապետեան ներկայացուց կառավարութեան ծրագրով Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած բարեփոխումները։ Ան նշեց, որ այդ բարեփոխումներուն հիմնական նպատակն է արդիւնաւէտութեան բարձրացումը բոլոր ոլորտներէ ներս։ Այս համատեսքին մէջ Կարապետեան կարեւորեց Իսրայէլի հետ փորձառութեան փոխանակումը եւ ներդրումային ծրագրերու իրականացումը՝ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու, գիւղատնտեսութեան, պետական կառավարման, թուայնացման, առողջապահութեան եւ գիտութեան ոլորտներէ ներս։ Կարէն Կարապետեանի խօսքերով՝ օտարերկրեայ ներդրողներու համար Հայաստան կրնայ հետաքրքրական հարթակ մը հանդիսանալ թէ՛ երկկողմանի գործակցութիւն ծաւալելու եւ թէ երրորդ շուկաներ դուրս գալու առումով։ Ցախի Հանեկպի համակարծիք գտնուեցաւ, թէ երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը զարգացնելու բազմաթիւ հնարաւորութիւններ կան եւ Իսրայէլի կառավարութիւնը պատրաստ է Հայաստանի կառավարութեան հետ աշխոյժ աշխատանք տանիլ՝ այդ բոլորը կեանքի կոչելու ուղղութեամբ։

Ցախի Հանեկպի երէկ Երեւանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու նախարար Վահան Մարտիրոսեանի եւ Գիւղատնտեսութեան նախարար Իկնաթի Առաքելեանի հետ։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ցախի Հանեկպի աւելի քան երեք տարի (2003-2006 թուականներուն) Արիէլ Շարոնի վարչապետութեան շրջանին, Իսրայէլի կառավարութենէն ներս պատասխանատու նախարարն էր յատուկ ծառայութիւններու՝ Մոսատի եւ Շին Պենի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ Իսրայէլի ռազմավարական երկխօսութեան համար։ 2006-2010 թուականներուն ալ զբաղեցուցած էր Իսրայէլի խորհրդարանի՝ Քնեսեթի անվտանգութեան եւ յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնը։ Ան թէեւ ներկայիս տարածքաշրջանային համագործակցութեան նախարարն է, սակայն անցեալի մէջ հետախուզութեան եւ անվտանգութեան հարցերու պատասխանատու եղած ըլլալու բերումով ունի կարեւոր փորձառութիւն։ Ըստ իրեն, Հայաստան-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած է ճեղքում մը։

«Յստակ է, որ իմ այս այցը նշան մըն է, թէ երկու երկիրները շահագրգռուած են ամրապնդելու երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ ունին այդ տեսլականը։ Մեր բարեկամութիւնը տարիներու պատմութիւն ունի, երկու երկիրներու միջեւ արդէն քսանըհինգ տարիէ ի վեր դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուած են։ Այժմ արդէն մենք աւելի շատ գործնական ուղղութեամբ կը մտածենք՝ համատեղ աշխատելու եւ շարք մը ոլորտներէ ներս մեր բարեկամութիւնը դարձնելու համար փոխադարձ շահաւէտ։ Կը կարծեմ՝ մօտաւորապէս տասն տարիէ ի վեր Իսրայէլէն նախարար մը չէր այցելած Հայաստան, ուստի սա նոր ճեղքում մըն է եւ ես ուրախ եմ, որ այս բոլորին մաս կը կազմեմ», ըսաւ Հանեկպի «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ։

Հիւր նախարարը իր յայտարարութիւններուն մէջ ընդգծեց, որ իր այցելութեան նպատակը Հայաստանի եւ Իսրայէլի յարաբերութիւններու ամրապնդումն է։ Արդեօք քննարկուա՞ծ են Հայաստան-Իսրայէլ ռազմական համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Ի պատասխան այս հարցման՝ Ցախի Հանեկպի ըսաւ. «Ես Իսրայէլի տարածքաշրջանային համագործակցութեան նախարարն եմ։ Ուստի, իմ գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնը չ՚առընչուիր ռազմական ու անվտանգութեան ոլորտներուն, ինչպէս եղած է անցեալի մէջ։ Հայաստանի հետ մեր համագործակցութեան վերաբերեալ նշեմ, որ այդ մէկը կը վերաբերի զբօսաշրջութեան, առեւտուրի։ Մենք կը փափաքինք ընդլայնել առեւտուրը, համագործակցութիւնը, ինչ որ կը ներառնէ նաեւ գիւղատնտեսութիւնը, ջրային հարցերը, փոխադրութիւնն ու հաղորդակցութիւնը։ Այս բոլորը այն ոլորտներն են, որոնց մէջ ես ներգրաւուած եմ»։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի աշխատակիցը հիւր նախարարին յիշեցուց նաեւ Իսրայէլի ռազմաթեքնիկ համագործակցութիւնը Ատրպէյճանի հետ։ Այս առընչութեամբ ան ըսաւ. «Կը փափաքիմ զերծ մնալ զգայուն հարցերու անդրադառնալէ։ Իմ Հայաստան այցը կեդրոնացած է դրական կողմերու վրայ՝ ամրապնդելու յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Իսրայէլի միջեւ»։

Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով, անցեալ տարի Իսրայէլի հետ առեւտուրը կազմած է 8 միլիոն 525 հազար ամերիկեան տոլար։ Սա կը համապատասխանէ Հայաստանի ամբողջ արտաքին առեւտուրի 0.1 տոկոսին։

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, երէկ Երեւանի մէջ նշուեցաւ Իսրայէլի անկախութեան 69-րդ տարեդարձը։ Այս առթիւ սարքուեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը՝ Ցախի Հանեկպիի մասնակցութեամբ։ «Մարիոթ Արմենիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որու մասնակիցներու շարքին էին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, նախարարներ, երեսփոխաններ, Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, Հայաստանի հրեայ համայնքէն ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր։ Տարեդարձի ընդունելութեան տեւողութեան գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր։

Հինգշաբթի, Յուլիս 27, 2017