ՇՓՈՒԻԼ ՎԱՐՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Երեւանի մէջ, Աբովեան պուրակի հարեւանութեամբ շինարարական աշխատանքներ կ՚ընթանան «Հրանդ Մատթէոսեան» կեդրոն-թանգարանի շէնքի կառուցման նպատակով։ Հայ գրականութեան այս մեծանուն նուիրեալի անունը այսպէսով պիտի անմահանայ հերթական ծրագրով մը։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան նախընթաց օր այցելեց «Հրանդ Մատթէոսեան» կեդրոն-թանգարանի նորակառոյց շէնքը։ Շինարարական աշխատանքները մեծաւ մասամբ արդէն աւարտած են։ Արմէն Սարգսեան ծանօթացաւ այնտեղ կատարուած աշխատանքներուն։

Մեծանուն գրողի որդւոյն՝ Դաւիթ Մատթէոսեանի ուղեկցութեամբ, Արմէն Սարգսեան շրջայց մը կատարեց տարածքէն ներս։ Դաւիթ Մատթէոսեան ներկայացուց կատարուած աշխատանքները, կեդրոն-թանգարանի ամբողջական նախագիծն ու հայեցակարգը, կեդրոնի առաքելութիւնը։ Նախագահ Սարգսեան տեղեկացաւ, որ կեդրոն-թանգարանի գործունէութիւնը ուղղուած պիտի ըլլայ ոչ միայն Հրանդ Մատթէոսեանի գրական ժառանգութեան, այլեւ՝ հայ մշակոյթի ու գրականութեան տարածման ու ծանօթացման։

Այցի ընթացքին Սարգսեան կարեւորեց մեծանուն գրողի գրական ժառանգութեան պահպանման ու տարածման ուղղեալ աշխատանքները։ Նորակառոյց կեդրոն-թանգարանը ամբողջութեամբ պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ 2020-ը, երբ պիտի նշուի մեծանուն գրողի ծննդեան 85-ամեայ յոբելեանը։ Արմէն Սարգսեան կարեւոր համարեց՝ որպէսզի մարդիկ այցելեն նորակառոյց կեդրոնը, շփուին մեծ վարպետի աշխատանքին, ծանօթանան կեանքին եւ ստեղծագործութեան։

Ուրբաթ, Յուլիս 27, 2018