Ս. ԹԱԴԷԻ ՎԱՆՔԻ ԵՌՕՐԵԱՅ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Ատրպատականի Ազգային առաջնորդարանը կը տեղեկացնէ, որ հինգշաբթի, 12 յուլիսի առաւօտեան ժամերէն հայոց պատմական Արտազ գաւառի Ս. Թադէոս առաքեալի վանքին մէջ սկսաւ տարեկան եռօրեայ ուխտագնացութիւնը, որ սոյն շղթայի 64-րդն էր այս տարի:

Ուխտագնացութիւնը սկսաւ ամիսներ առաջ կատարուած նախապատրաստական աշխատանքներէն ետք, հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեանի եւ Թեմական խորհուրդին ու կազմակերպութեամբ Վանքերու ուխտագնացութեան յանձնախումբին:

Սոյն ուխտագնացութիւնը կատարուեցաւ հոգեւոր ու ազգային բարձր նախանձախնդրութեամբ՝ առաւելագոյն չափով օգտուելու անոր սրբացնող եւ հոգեպարար մթնոլորտէն:

Իրանի տարբեր քաղաքներէն եւ արտասահմանէն խումբեր եւ ընտանիքներ ժամանեցին Ս. Թադէի վանք եւ նախօրօք իրենց համար ապահովուած վրաններուն մէջ տեղակայուած՝ վայելեցին վանքի գմբէթներուն հովանին:

Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդին եւ Ազգային իշխանութեան կողմէ հարկ եղած պետական արտօնութիւնները ձեռք բերուեցան՝ ժողովուրդին կեցութիւնը եւ կենցաղային բարւոք պայմանները ապահովելու համար:

Ուխտագնացութեան երեք օրերուն ընթացքին տեղի ունեցան հետեւեալները.

Առաջնորդ սրբազանը վանք ժամանեց հինգշաբթի, 12 յուլիսի երեկոյեան, ժամը 5.00-ին, եւ հանդիսապետեց երեկոյեան ժամերգութեան:

Իրանի Եկեղեցիներու պահպանման պետական հիմնարկութեան կողմէ եւ անոր տնօրէն Շերլի Աւետեանի հսկողութեամբ կառուցուած վանքի սեղանատան (պիւֆէ) բացումը կատարուեցաւ առաջնորդ սրբազանի ձեռամբ:

Նոյն հիմնարկութեան կողմէ, վանքի մուտքի սենեակներէն երկուքին հիմնական վերանորոգումը կատարուած ըլլալով, անոնք յուշանուէրներու ցուցասրահի վերածուեցան. նոյն օրերուն կատարուեցաւ նաեւ յուշանուէրներու սոյն վաճառատան բացումը:

Վանքի մուտքի բակին մէջ կառուցուած նկարչական նոր ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Ս. Թադէոս առաքեալի վանքի տարբեր տարիներու լուսանկարներու ցուցահանդէսին: Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ Արեւմտեան Ատրպատականի նահանգապետը՝ պետական հիւրերու ընկերակցութեամբ:

Հինգշաբթի 12 եւ ուրբաթ 13 յուլիսի երեկոներուն Թեհրանի «Զարթօնք» պարախումբը ելոյթ ունեցաւ վանքի տարածքին մէջ՝ իր հիմնադրման 30-ամեակին առիթով, ղեկավարութեամբ պարուսոյց Լորեթա Աւետիսեանի:

Շաբաթ, 14 յուլիսին Ս. Թադէի տաճարին մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ՝ գլխաւորութեամբ Ա-տըրպատականի հայոց թեմակալ առաջնորդին, սպասարկութեամբ թեմի հոգեւորականաց դասուն: Երգեցողութիւնը կատարեց «Կոմիտաս» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ երաժիշտ Վարդան Վահրամեանի:

Նոյն օրը, պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ առաջնորդ սրբազանին եւ նահանգապետին պաշտօնական հանդիպումը՝ պետական ներկայացուցիչներու եւ Թեմական խորհուրդին ներկայութեամբ:

Ուխտագնացութեան երեք օրերուն ընթացքին աղօթքով, տօնակատարութիւններով եւ ժողովրդական խանդավառ խրախճանքներով ազգային, ընտանեկան եւ հասարակական կեանքը վերաշխուժացաւ:

Ուրբաթ, Յուլիս 27, 2018