ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ԴԷՄ ԼՈՒՐՋ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔ

Հայաստանի մէջ գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ Յեղափոխութեան եւ իշխանափոխութեան յաջորդած մթնոլորտին մէջ նախորդ տարիներու վիճելի խնդիրներուն շուրջ վերստին կը բացուին հարցաքննութեան թղթածրարները։ Երէկ, 1 մարտ 2008 թուականի արիւնալի դէպքերուն կապակցութեամբ ցուցմունքներ տալու համար դատարան հրաւիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան։ Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Շէնգաւիթի բաժանմունքէն ներս տեղի ունեցաւ Ռոպերթ Քոչարեանի հարցաքննութիւնը։ Ան թէեւ հրաւիրուած էր որպէս վկայ, սակայն վերջին պահուն Հայաստանի յատուկ քննչական ծառայութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ տեղեկացուց, որ Ռոպերթ Քոչարեանին մեղադրանք կ՚առաջադրուի։ Երկրի սահմանադրական կարգը տապալելու եւ 1 մարտ 2008 թուականի դէպքերու տասն զոհերուն պատճառ դառնալու մէջ կը մեղադրուի Ռոպերթ Քոչարեան։ Իրեն մեղադրանքը կը նմանի նախկին պաշտպանութեան նախարարներէն Միքայէլ Յարութիւնեանի պարագային յառաջ քշուածին։

Երէկ ամբողջ օրուան տեւողութեան, մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը հանրային կարծիքը լարուած ուշադրութեամբ հետեւեցաւ համապատասխան իրադարձութիւններուն։ Կէս գիշերին մօտ դատական գործընթացը ընդհատուեցաւ։ Նախ յայտարարուեցաւ, որ երկու ժամուան դադարը վերջ պիտի գտնէր կէս գիշերը անց եւ պիտի շարունակուէին քննարկումները։ Սակայն, աւելի վերջ որոշուեցաւ դատավարութիւնը շարունակել այս առաւօտ։ Հայաստանի յատուկ քննչական ծառայութեան առաջադրուած մեղադրանքի լոյսին տակ՝ այս առաւօտ վերսկսաւ դատավարութիւնը։ Ներկայ էր նաեւ Ռոպերթ Քոչարեան, որու ձերբակալումը կը պահանջուի։

Այս զգայացունց իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ, Ռոպերթ Քոչարեան երէկ բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ «Երկիր մետիա» հեռուստակայանին։ Իր հետ զրոյցը վարեց հեռուստակայանի ղեկավար Գեղամ Մանուկեան։ 1 մարտ 2008 թուականի իրադարձութիւններու նախորդող եւ յաջորդող մանրամասնութիւններուն շուրջ ծաւալուն ձեւով արտայայտուեցաւ Ռոպերթ Քոչարեան, որ ըսաւ. «Ես յատուկ եկած եմ ցուցմունք տալու համար՝ որպէս վկայ, սակայն երբ ինծի յայտնեցին, որ իմ կարգավիճակը մեղադրեալի կարգավիճակ է, ես հրաժարեցայ ցուցմունք տալէ»։ Ան աւելցուց, որ իրեն դէմ ներկայացուած մեղադրանքները յօրինուած ու շինծու են, սա քաղաքական հետապնդում կը համարուի եւ այստեղ նպատակն է չէզոքացնել՝ իր հաւանական քաղաքական գործունէութիւնը։ Հարցազրոյցին մէջ Քոչարեան յիշեցուց իր պաշտօնավարութեան տարիներու ձեռքբերումները, ինչպէս նաեւ իր յաջորդին՝ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարութեան տարիներուն իշխանութիւններուն հետ յառաջացած տարակարծութիւնները։ Ռոպերթ Քոչարեան շատ հաւանական համարեց՝ ներկայ փուլին իր կալանաւորուիլը։ «Ես կրնամ յայտնուիլ բանտի մէջ։ Կ՚երթամ, կը նստիմ, բայց կը պայքարիմ մինչեւ վերջ։ Ո՞ւր պէտք է փախչիմ», ըսաւ Ռոպերթ Քոչարեան։

Նոյն հարցազրոյցին մէջ Ռոպերթ Քոչարեան յիշեցուց, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան տրամադրութիւններով երկրի նախկին հանրապետութեան նախագահները անձեռնմխելիութիւն ունին՝ երկրի ղեկավարի կարգավիճակով ծաւալած իրենց գործունէութեան պարագային։

Ուրբաթ, Յուլիս 27, 2018