ՊԵԼՖԱՍԹ ՄՏԱՀՈԳ՝ ՊՈՐԻՍ ՃԱՆՍԸՆԻ ՈՐԴԵԳՐԱԾ ԸՆԹԱՑՔՈՎ
Անգլիոյ մէջ վարչապետ Պորիս Ճանսընի կառավարութեան իշխանութեան գլուխ գալուն զուգահեռ, վերստին բուռն քննարկումները սկսած են BREXIT-ի շուրջ։ Ճանսընի վերջին յայտարարութիւնները կը վկայեն, թէ Լոնտոնի դիրքորոշումը պիտի խստանայ յառաջիկայ շրջանին։
Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքեր վերջին օրերուն հեռախօսազրոյց մը ունեցած է Պորիս Ճանսընի հետ՝ շնորհաւորելու համար նոր պաշտօնը։ Յամենայնդէպս, ըստ միջազգային աղբիւրներու, այդ հեռախօսազրոյցը բնորոշուած է BREXIT-ի վերաբերեալ սուր տարակարծութիւններու ընդգծումով եւ կողմերու հակադիր դիրքորոշումներու վերահաստատումով։
Միւս կողմէ, Իրլանտայի ղեկավարութիւնն ալ մտահոգուած է Պորիս Ճանսընի որդեգրած ընթացքով։ Այսպէս, Պելֆաստ ահազանգ կը հնչեցնէ BREXIT-ի կապակցութեամբ։ Իրլանտայի Փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Սայմոն Քոուվեն յայտնեց, որ Պորիս Ճանսըն դիտումնաւոր ձեւով բախման կ՚երթայ Եւրոմիութեան եւ Իրլանտայի հետ՝ BREXIT-ի շուրջ։ Անգլիոյ նոր վարչապետի մօտեցումները բնաւ չեն նպաստեր ընդհանուր գործին եւ չի կրնար համաձայնութեան մը առիթ դառնալ։ «Կը կարծեմ՝ ան ի վիճակի է պարզաբանելու պատճառը, թէ ինչո՞ւ համար կ՚ընէ այս բանը», ըսաւ իրլանտացի նախարարը։