ՓԱՇԻՆԵԱՆԷՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

Հայաստանի բանակէն զինուոր մը երէկ ուշ գիշերին նահատակուեցաւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ։ Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմանի ուղղութեամբ տեղակայուած  զօրամասերէ մէկուն մարտական դիրքին մէջ, ժամը 01.10-ի սահմաններուն մահացաւ պայմանագրային զինուորական ծառայող Աշոտ Միքայէլեան։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճանի բանակէն դիպուկահարի մը կրակոցին զոհ գացած է զինուորը։ Նախարարութիւնը այս առթիւ խորին ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն յայտնեց Աշոտ Միքայէլեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն։

Թէեւ բախումներու թափը որոշ չափով նուազած է, սակայն Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը կը մնայ առկայ։ Այս իրավիճակին մէջ երկու երկիրներէ դուրս հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ ալ տեղի կ՚ունենան կռիւներ եւ ընդհարումներ։ Վերջին օրերուն նման դէպքերու թատերաբեմը հանդիսացած էր մասնաւորապէս Ռուսաստանը, ուր թէ՛ երկրի ղեկավարութիւնը եւ թէ հայ եւ ատրպէյճանցի համայնքներու ղեկավարութիւնները հանդէս կու գան զսպուածութեան ուղղեալ նախաձեռնութիւններով։ Իր կարգին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ռուսական հեռուստակայանի մը տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ Ռուսաստանէ ներս հայերու վրայ գործուած յարձակումներուն։ Ըստ իրեն, հակահայկական այդ յարձակումները կը համարուին նաեւ Ռուսաստանը ապակայունացնելու փորձեր։ Ըստ Փաշինեանի, Ռուսաստանի բնակիչ ատրպէյճանցիներու կողմէ ձեռնարկուած հակահայկական յարձակումները ո՛չ միայն Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հակահայկական հռետորաբանութեան դրսեւորումը կը համարուին, այլեւ՝ Ռուսաստանը ապակայունացնելու, Ռուսաստանը ազգամիջեան թատերաբեմը դարձնելու փորձ։ «Կասկած չկայ, Ռուսաստանի իշխանութիւնները ունին բոլոր միջոցներն ու կարողութիւնները իրադարձութիւններու նման զարգացման թոյլ չտալու համար։ Բայց Ռուսաստանի մեր հայրենակիցները, իրենց հերթին, պէտք է արձանագրեն, որ սադրանքներէ պէտք չէ տարուիլ։ Ռուսաստանը ապակայունացնելով շահագրգռուած են այն երրորդ ուժերը, որոնք ծաւալապաշտական-հակահայկական նկրտումներ ունին Հարաւային Կովկասի մէջ։ Թոյլ չենք տար», նշեց Փաշինեան։

Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կոչ ուղղեցին՝ զերծ մնալ նուրբ ենթակառուցուածքներու ուղղեալ սպառնալիքներէ։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս Պաքուէն սպառնալիք հնչած էր՝ Մեծամօրի աթոմակայանի ռմբակոծման ուղղութեամբ։ Երեւանի ղեկավարութիւնը ահազանգ հնչեցուցած էր այդ սպառնալիքին դէմ։ Երէկ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան հերթական անգամ անդրադառնալով վերջին օրերու բախումներուն։ Անոնք ողջունեցին սահմանի յարաբերական կայունութիւնը եւ կոչ ուղղեցին, որպէսզի կողմերը օգտուին մարտական գործողութիւններու թուլացումէն եւ նախապատրաստուին առարկայական բանակցութիւններու՝ հակամարտութեան համապարփակ լուծում մը գտնելու համար։ Համանախագահները անգամ մը եւս ընդգծեցին, որ այս բարդ շրջանին չափազանց կարեւոր է զերծ մնալ սադրիչ յայտարարութիւններէ եւ գործողութիւններէ՝ ներառեալ սպառնալիքները կամ ենթադրեալ սպառնելիքները, որոնք ուղղուած են քաղաքացիական բնակչութեան եւ նուրբ ենթակառուցուածքներու։

Ըստ միջնորդներուն, համանախագահ երկիրներու համատեղ ջանքերը քննադատող վերջին հրապարակային յայտարարութիւնները կամ կարգաւորման գործընթացի մէջ միակողմանի «նոր պայմաններ» սահմանելու եւ ձեւաչափը փոխելու ձգտումները չեն նպաստեր շինիչ երկխօսութեան վերսկսման։ Համանախագահները կը հաստատեն, թէ տեւական խաղաղ կարգաւորման հասնելու քաղաքական կամքը լաւագոյնս կ՚արտայայտուի առաւելապաշտական մօտեցումներէ զերծ մնալով, հրադադարի դրութեան խստօրէն հաւատարիմ մնալով, սադրիչ յայտարարութիւններէ եւ գործողութիւններէ զերծ մնալով։

Միջնորդները երախտագիտութիւն յայտնեցին միջազգային կառոյցներուն՝ ներառեալ ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի եւ ԵՄ-ի ղեկավարներու աշխոյժ մասնակցութեան համար։ Անոնք կոչ ուղղած էին խստօրէն հետեւիլ հրադադարի դրութեան պահպանման եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ երկխօսութիւնը վերսկսելու վերաբերեալ։ Այդ բոլորը համընկնած են համանախագահներու համատեղ միջնորդական ջանքերուն հետ եւ աջակցած անոնց։ «Մենք յատուկ կ՚ընդգծենք այնպիսի անկողմնակալ միջամտութիւնները, որոնք կողմերուն կոչ կ՚ուղղեն կեդրոնանալ լարուածութիւնը թուլացնելու վրայ, այլ ոչ թէ վերջին լարուածութիւնը յառաջացնելու պարտաւորութիւնը բարդել ուրիշներու վրայ։ Համանախագահները կ՚ողջունեն լիցքաթափման եւ առանց պայմաններու բանակցութիւններու վերսկսման շուրջ միջազգային աճող համաձայնութիւնը», ըսուած է համանախագահներու յայտարարութեան մէջ։

Բաց աստի, միջնորդները հաստատած են անցեալ տարի մարտի 9-ի իրենց յայտարարութեան մէջ շեշտադրուած սկզբունքներն ու տարրերը, որոնք այսօր ալ կը շարունակեն մնալ իրենց միջնորդական ջանքերու հիմքը։ Համանախագահները պատրաստ են ամէն պահ հանդիպելու երկրիներու ղեկավարներու կամ անոնց ներկայացուցիչներուն հետ։ Միջնորդները նաեւ կ՚ընդգծեն, որ ԵԱՀԿ-ի դիտորդները պէտք է հնարաւորինս արագ վերադառնան տարածքաշրջան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2020