ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԱՆԽԱՓԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ նշանակուած զօրավար Արշակ Կարապետեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Կը հաղորդուի, որ զրոյցի ընթացքին քննարկուած են տարածքաշրջանային անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ նիւթեր։ Շօշափուած են նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ այլ խնդիրներ։ Պաշտօնական աղբիւրները զրոյցի բովանդակութեան վերաբերեալ այլ մանրամասնութիւններու մէջ չեն խորացած։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, միայն ռուսական աղբիւրները ներկայացուցած են այս սահմանափակ տեղեկութիւնները։ Հայկական աղբիւրները պաշտօնապէս ոչինչ հաղորդած են այս կապակցութեամբ։

Վերջին օրերուն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով եւ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով պաշտօնէն ազատուած էր Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան։ Արշակ Կարապետեան այժմ գործնականօրէն կը գլխաւորէ նախարարութիւնը։

Արշակ Կարապետեանի եւ Սերկէյ Շոյկուի հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ։ Վերջին օրերուն դէպքերը խտացած են մտահոգիչ թափով։ Ատրպէյճանի զօրքերը կը շարունակեն Հայաստանի սահմաններուն դէմ ոտնձգութիւններ ընել, նոյնիսկ քաղաքացիական անձերու գերեվարումներ տեղի կ՚ունենան եւ իրավիճակը տարածքաշրջանային անվտանգութեան տեսակէտէ կը շարունակէ խոր մտահոգութիւն յառաջացնել։ Գեղարքունիքի մարզէն մինչեւ Երաստղ՝ օր չ՚անցնիր, որ սահմանային լարուածութեան մասին լուրեր չհասնին։

Վերջին օրերուն Ռուսասատանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Մոսկուայի մէջ հիւրընակալած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Զուգահեռաբար տեղի ունեցած էր նաեւ Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյց մը։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Հայաստան ներկայիս որդեգրած է ոչ-շինիչ դիրքորոշում մը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 27, 2021