ՅԵՏ ԹԱՂՄԱՆ ՅԻՇԵԼՈՎ ՍԻՐԵԼԻ ԿԱՐՕՆ

Մահուան դառն իրականութեան առջեւ յաճախ անխօսութեան կը մատնուինք։ Սակայն կու գայ պահ մը երբ լռակեաց վիճակը իր վախճանին կը հասնի ու կը վերածուինք խօսող, արտայայտուող անձերու։ Ընդհանրապէս երբ հողով կը ծածկուի մեր սիրելիին անշնչացած մարմինը, կարծէք անտեսանելի զօրութիւն մը կու գայ եւ կը թեթեւցնէ սուգի ծանրութիւնը, մանաւանդ երբ կը լսենք յետ թաղման աղօթքին բառերը. «Գթած Հայր եւ մխիթարութիւն պարգեւող Աստուած, որ կը մխիթարես զմեզ մեր բոլոր նեղութեանց մէջ. Դուն կը զարնես եւ Դուն կը բժշկես եւ երբեք ձեռքէ չես ձգեր քու ստեղծածներդ»։

Իսկութեան մէջ իւրաքանչիւր յուղարկաւորութեան արարողութիւն յիշեցում մըն է Քրիստոնեայ հաւատացեալին համար։ Պօղոս առաքեալ կը յիշեցնէ ըսելով. «Եղբայրներ, չեմ ուզեր որ անգէտ ըլլաք ննջեցեալներու մասին, որպէսզի չտխրիք ուրիշներուն նման, որոնք յոյս չունին» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4.13)։ Բացի այս տողերէն նոյն առաքեալը կը շեշտէ յոյսին կարեւորութիւնը ըսելով. «…նեղութիւնները մեզի համբերութիւն կու տան, համբերութիւնը՝ տոկունութիւն, տոկունութիւնը՝ յոյս, իսկ յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր» (Հռովմայեցիս, 5.3-5)։

Քրիստոնեայ հաւատացեալի կեանքէն երբ չի նուազիր հաւատքը, յոյսը եւ սէրը, անպայման կը վայելէ ողորմած, գթած Աստուծոյ զօրութիւնը, որ անսահման է։ Հակառակ անոր որ «մարդուն օրերը խոտի պէս են, ինչպէս դաշտի ծաղիկը, այնպէս կը ծաղկի. հովը անոր վրայէն կ՚անցնի ու ան կ՚ոչնչանայ եւ ալ անոր տեղը չճանչնար զանիկայ», «Տիրոջ ողորմութիւնը յաւիտեանս յաւիտենից իրմէն վախցողներուն վրայ է, ու անոր արդարութիւնը որդւոց որդիներուն վրայ» (Սաղմոսք, 102.15-17)։

Սիրելի Կարոյի հողակոյտին առջեւ փոխանակ դասական արտայայտութիւններու եւ կամ թառամելու դատապարտուած ծաղիկներու, նախընտրեցի Աստուծոյ Խօսքին անթառամ ծաղիկներու փունջ մը դնել ոչ թէ հողակոյտին վրայ, այլ՝ իր անդարձ բաժանումով զինքը սիրողներու սրտերուն մէջ յառաջացած փոսին մէջ, այն վստահութեամբ եւ հաւատքով, թէ Աստուծոյ Խօսքը ցոյց կու տայ իր զօրութիւնը։

Հայ մամուլի ծառայութեան կոչումովը ծանօթ սիրելի Կարօն, ամէն բանէ առաջ եղած էր իմ երբեմնի դրացիս ամրան եղանակին, Գնալը կղզի։ Բարի դրացիական յուշերուն մէջ էր իր եւ ընտանիքին հանդուրժողութիւնը մեր տան անառակի չարաճճիութեանց։ Եւ Կարօն այս դրացիական «խաթէր»ը ընդմիշտ պահեց։ Իր հետ ունեցած մեր բարեկամական կապին հիմն էր նա եւ հոգելոյս եղբայրս կը յիշէր ամէն առթիւ։ Այս այնպիսի «խաթէր» մըն էր, որ երբեմն մարդկային յարաբերութիւնները ալեկոծող սառնամանիքի փոթորկայոյզ հովերը իր ջերմութեամբը կը փոխակերպէր գարնան զեփիւռի։

Սիրելի Կարոյի կեանքը խոտի պէս ապրուած կեանք մը չէր։ Այլ այդ կեանքին մէջ կար հաւատարմութիւն, գիտակցութիւն հանդէպ՝ իր կատարած գործին։ Իր Հայ մամուլի ծառայութեան կոչումը բարձր պահեց եւ նոյն կոչումով գործեց մինչեւ այն օրը, երբ դժբախտ համավարակը զգետնեց զինքը։ Սակայն իր սիրողները, յարգողները կը միանան այն գաղափարին շուրջ, թէ ճանչցած են ազնիւ անձնաւորութիւն մը, որուն հետ կարելի էր նստիլ, խօսիլ համայնքային հարցերու կապակցութեամբ։ Հայ մամուլի աշխատութեանը առընթեր, համայնքային կեանքէ ներս ունեցած վարչական պաշտօններուն ընձեռած համարձակութիւնն էր, որով կրնար արտայայտուիլ։

Համավարակի պատճառաւ հարկադրաբար հաւատացեալներու առջեւ դռնփակ մնացած մեր աղօթքի տուները, վերածուած էին իր գլխաւոր մտահոգութիւններէն միոյն, մանաւանդ երբ թարգման կը հանդիսանար աղօթքի տան մէջ մէկտեղուելու հոգեւոր ուրախութենէն զրկուած աղօթանուէր, մեր մայրերուն ու հայրերուն ցաւերուն։ Մօտէն տեսած եմ իր զգացած ուրախութիւնը երբ մեր աղօթքի տուները բացուեցան մեր հաւատացեալներուն առջեւ, հոգ չէ թէ սահմանափակ պայմաններով։ Եւ Կարօն պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ ամէն ինչ ըրաւ, ամէն զոհողութիւն յանձն առաւ Աստուծոյ Տան մէջ կանոնաւորութիւնը ապահովելու համար։ Թէ՛ ինք ուրախացաւ եւ թէ ուրիշները ուրախացուց։

Ցաւառիթ է իր կորուստը։ Անոր վէրքը ժամանակի ընթացքին պիտի սպիանայ, երբ հաստատուած կը մնանք հաւատքի ժայռին վրայ։ Առաքեալը կը հրաւիրէ «յոյսով ուրախանալու, նեղութեանց մէջ համբերող ըլլալու եւ յարատեւ աղօթելու» (Հռովմայեցիս, 12.12)։

Իր կորուստին առթած սուգի մթնոլորտին մէջ գտնուողներուն, յատկապէս ընտանեկան հարազատներուն եւ ազգականներուն համար կ՚աղօթենք, որ «Տէր Աստուած բոլորին շնորհէ մխիթարութեան հոգի, մխիթարէ սրտով վշտացածները եւ բժշկէ իրենց տրտմութեան վէրքերը։ Որպէսզի Աստուծոյ փառքին հաստատ յոյսով առողջանան իրենց տրտմութեան սուգէն»։

Աստուած լուսաւորէ սիրելի Կարօ եղբօր հոգին եւ արժանացնէ լուսեղէն եւ երկնային անթառամ պսակին։ Ցաւակցութեամբ, սիրով եւ աղօթքով։

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յուլիս 27, 2021