ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ

Թուր­քիոյ ներ­քին քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գը ամ­բող­ջու­թեամբ կեդ­րո­նա­ցած է նախընտ­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցին վրայ։ Ծա­նօթ է, որ Նո­յեմ­բե­րի 1-ին եր­կի­րը կան­խա­հաս ընտ­րու­թեան առ­թիւ վերս­տին պի­տի ձեռ­նար­կէ ընտ­րու­թեան եւ այս հանգ­րուա­նը էա­կան նշա­նա­կու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ նոր հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րու, ու­ժե­րու վե­րա­դա­սա­ւոր­ման տե­սան­կիւ­նէն։ Բարձ­րա­գոյն ընտ­րա­կան խոր­հուր­դը ե­րէկ ար­դէն տե­ղե­կա­ցուց, թէ մին­չեւ Սեպ­տեմ­բե­րի 18-ը ե­րես­փո­խա­նի թեկ­նա­ծու­նե­րու կու­սակ­ցա­կան ցու­ցակ­նե­րը պէտք է յանձ­նուին։

Նա­խընտ­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցի ժա­մա­նա­կա­ւոր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ձե­ւա­ւո­րե­լու ուղ­ղեալ աշ­խա­տանք­նե­րուն շրջագ­ծով վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ ա­ռա­ջարկ­ներ ու­ղար­կեց ընդ­դի­մա­դիր ե­րես­փո­խան­նե­րուն։ ՃՀՓ­-էն ան ա­ռա­ջարկ ու­ղար­կեց Տե­նիզ Պայ­քա­լին, Էր­տո­ղան Թոփ­րա­քին, Կիւլ­սիւն Պիլ­կէ­հան Թո­քէ­րին, Թե­քին Պին­կէօ­լին եւ Իլ­հան Քե­սի­ճիին։ ՄՀՓ­-ի շար­քե­րէն Տա­վու­տօղ­լու հրա­ւէր ու­ղար­կեց Թուղ­րուլ Թիւր­քէ­շին, Մե­րալ Աք­շէ­նէ­րին եւ Ահ­մէտ Քե­նան Թան­րը­քու­լուին։ ՀՏՓ­-ի ե­րես­փո­խան­նե­րէն ալ Տա­վու­տօղ­լու ա­ռա­ջարկ ու­ղար­կեց Լե­ւենտ Թիւ­զէ­լին, Միւս­լիւմ Տո­ղա­նին եւ Ա­լի Հայ­տար Քոն­ճա­յին։ Ինչ­պէս ար­դէն կը նա­խա­տե­սուէր, բո­լոր ՃՀՓ­-ա­կան­նե­րը մեր­ժե­ցին ի­րենց ներ­կա­յա­ցուած ա­ռա­ջարկ­նե­րը, իսկ ՀՏՓ­-ա­կան­նե­րը հա­կուած են ըն­դա­ռա­ջել հրա­ւէ­րին՝ կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ որ­դեգ­րուած դիր­քո­րոշ­ման հա­մա­հունչ։

Ե­րէ­կուան զգա­յա­ցունց ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը ե­ղաւ այն, որ Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դին մաս կազ­մե­լու հրա­ւի­րուած ՄՀՓ­-ա­կան ե­րես­փո­խան­նե­րէն մին՝ Թուղ­րուլ Թիւր­քէշ ըն­դու­նեց ըն­դա­ռա­ջել Տա­վու­տօղ­լուի առ­ջար­կին, հա­կա­ռակ կու­սակ­ցու­թեան դիր­քո­րոշ­ման։ ՄՀՓ­-ա­կան­ներ՝ Մե­րալ Աք­շէ­նէր եւ Ահ­մէտ Քե­նան Թան­րը­քու­լու մեր­ժե­ցին Տա­վու­տօղ­լուի առ­ջար­կը, սա­կայն Թուղ­րուլ Թիւր­քէ­շին կող­մէ տրուած ո­րո­շու­մը ան­նա­խընթաց ա­լե­կո­ծում մը յա­ռա­ջա­ցուց կու­սակ­ցու­թեան շար­քե­րէն ներս։ Ար­դա­րեւ, Թուղ­րուլ Թիւր­քէշ խորհր­դան­շա­կան ա­նուն մըն է ՄՀՓ­-ին հա­մար, իբր այդ ալ ու­նի կշիռ մը։ Ան կու­սակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր, Գորշ քայ­լե­րու յա­ւերժ ա­ռաջ­նորդ հա­մա­րուող Ալ­փաս­լան Թիւր­քէ­շի որ­դին եւ իր կող­մէ կա­ռա­վա­րու­թեան մաս­նակ­ցե­լու ուղ­ղեալ ո­րո­շու­մը ցնցում յա­ռա­ջա­ցու­ցած է ՄՀՓ­-ին մօտ։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ Թուղ­րուլ Թիւր­քէշ նա­խընտ­րա­կան առ­ժա­մեայ կա­ռա­վա­րու­թեան մաս­նակ­ցի փոխ-վար­չա­պե­տի կար­գա­վի­ճա­կով։ Իր այս ո­րո­շու­մէն ան­մի­ջա­պէս վերջ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու հե­ռա­ձայ­նով կապ հաս­տա­տեց Թուղ­րուլ Թիւր­քէ­շին հետ եւ ար­տա­յայ­տեց իր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը։ Տա­վու­տօղ­լու ընդգ­ծեց, թէ Թուղ­րուլ Թիւր­քէշ ու­նե­ցած է պե­տա­կան գոր­ծի­չի մը յա­րիր վա­րուե­լա­կերպ։ Փոխ-վար­չա­պետ Եալ­չըն Աք­տո­ղանն ալ յայտ­նեց, թէ Թուղ­րուլ Թիւրք­էշ ա­ռած է ճիշդ քայլ մը։ Յա­մե­նայն­դէպս ՄՀՓ­-ի շար­քե­րէն ներս յա­ռա­ջա­ցած շո­քը ե­ղաւ մեծ։ Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը այս ո­րո­շու­մէն վերջ եր­կար ժա­մա­նակ չկրցաւ հաս­նիլ Թուղ­րուլ Թիւր­քէ­շին։ Փոխ-կու­սակ­ցա­պետ Է­տիպ Սե­միհ Եալ­չըն յայ­տա­րա­րեց, որ Թուղ­րուլ Թիւր­քէ­շի պա­րա­գան ան­մի­ջա­պէս պի­տի գայ կու­սակ­ցու­թեան կար­գա­պա­հու­թեան խոր­հուր­դի օ­րա­կար­գին վրայ՝ բա­ցա­ռա­պէս ար­տաքս­ման պա­հան­ջով։ Իր կար­գին, կու­սակ­ցա­պետ Տեւ­լէթ Պահ­չե­լին ալ յայտ­նեց, թէ պատ­մու­թիւ­նը ա­պա­գա­յին կը փո­խան­ցէ դա­ւա­ճա­նու­թիւնն ու հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը։

Իր կար­գին, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղանն ալ ե­րէկ անդ­րա­դար­ձաւ ներ­քին քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ Ըստ ի­րեն, Նո­յեմ­բե­րի 1-ին ընտ­րու­թիւն պի­տի կա­տա­րուի այն մա­սին, որ երկ­րէն ներս կա­յու­նու­թիւն պի­տի ըլ­լա՞յ, թէ ոչ։ «Տայ Աս­տուած, որ եր­կի­րը վե­րագտ­նէ կա­յու­նու­թիւ­նը», ը­սաւ Էր­տո­ղան եւ յոյս յայտ­նեց, թէ Յու­նի­սի 7-ի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ար­դիւն­քով ստեղ­ծուած դժուա­րու­թիւ­նը պի­տի յաղ­թա­հա­րուի Նո­յեմ­բե­րի 1-ին։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 27, 2015