ԴԱՓՆԵԿԻՐՆԵՐՈՒ ՏՈՂԱՆՑՔ
Ռիոյի ողիմպիականներուն մասնակից Հայաստանի մարզիկները երէկ երեկոյեան վերադարձան Երեւան, ուր դիմաւորուեցան մեծ խանդավառութեամբ։ Մէկ ոսկի եւ երեք արծաթ մետայլ նուաճած դափնեկիրները շքեղ տողանցքով մը վերադարձան երկիր, ուր ժողովուրդին կողմէ շրջապատուեցան մեծ համակրանքով։ Մետայլակիրները արժանացան համատարած գնահատանքի եւ սիրոյ արտայայտութեան։
Մարզիկները դիմաւորելու համար օդակայան փութացած էին նաեւ Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Մարզասէրները ծափահարութիւններով ողջունեցին դափնեկիրները, որոնք օդակայանէն բաց օթօպիւսով մը առաջնորդուեցան քաղաք՝ բարեւելով բոլոր անոնք, որոնք փութացած էին բաժնել իրենց կողմէ երկրին պարգեւուած ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը։
Անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ, Ռիոյի ամառնային ողիմպիականները առիթ հանդիսացան երկրորդ ոսկէ մետայլի նուաճման։ Սա զուգադիպեցաւ երկրի անկախութեան 25-ամեակի յոբելենական շրջանին։