ԵՐՐՈՐԴ ԱՆՑՔԸ

Թուր­քիա ե­րէկ ապ­րե­ցաւ պատ­մա­կան օր մը։ Վոս­փո­րի եր­րորդ կա­մուր­ջը, որ կո­չուած է Եա­վուզ Սուլ­թան Սե­լի­մի ա­նու­նով, բա­ցուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը։ Այս եր­րորդ անց­քով Վոս­փո­րի հիւ­սի­սէն Եւ­րո­պան եւ Ա­սիան միա­ցան, ինչ որ մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի հա­մաշ­խար­հա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ու­ղի­նե­րու ցան­ցի տե­սա­կա­ւո­րու­թեան ա­ռու­մով։ Նոր կա­մուր­ջին բա­ցու­մը մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ եւս ա­ռար­կայ դար­ձած է ու­շադ­րու­թեան։ Իր տե­սա­կին մէջ, ան ա­մե­նա­լայնն է աշ­խար­հի վրայ։ Կա­մուր­ջի կեդ­րո­նէն կ՚անց­նի նաեւ եր­կա­թու­ղիի հա­տուած մը։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ ամ­բողջ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին մաս­նակ­ցե­ցան ե­րէ­կուան պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան։ Բաց աս­տի, աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէն բարձր մա­կար­դա­կի պե­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ալ հրա­ւի­րուած էին բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան այս առ­թիւ հան­դէս ե­կաւ խան­դա­վառ ե­լոյ­թով մը, ո­րու ըն­թաց­քին շեշ­տեց, թէ այս մեծ ծրա­գի­րը իս­կա­կան հպար­տու­թեան ա­ռիթ մըն է երկ­րին տե­սա­կէ­տէ։

Հարկ է նշել, որ 2 հա­զար 164 մեթր եր­կա­րու­թիւն ու­նի այս կա­մուր­ջը, ո­րուն հա­մար ներդ­րուած է 3 մի­լիառ ա­մե­րի­կեան տո­լար եւ ո­րու շի­նա­րա­րու­թիւ­նը տե­ւած է ե­րեք տա­րի։ 

Շաբաթ, Օգոստոս 27, 2016