ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Երեւանի մէջ այս առաւօտ սկսաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական ղեկավարութեան եւ օտար պետութիւններու կամ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու տարեկան հաւաքը։ Մատենադարանի երդիքին տակ կազմակերպուած է այս տարուան դեսպանահաւաքը, որու բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան։ «Արժէքներ գործողութեան մէջ. Հայաստանի դիւանագիտութիւնը յարափոփոխ աշխարհէ ներս» խորագրով կազմակերպուած է այս համաժողովը, որու առաջին նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետ Արթուր Վանեցեան։ Դեսպանահաւաքի սկիզբին հայ դիւանագէտները վայրկեան մը լռութիւն պահելով արտայայտեցին իրենց յարգանքը նորոգ հանգուցեալ դեսպաններ՝ Արման Կիրակոսեանի եւ Գառնիկ Բադալեանի յիշատակին նկատմամբ։ Հարկ է նշել, որ 2018 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութենէն ի վեր առաջին անգամ կազմակերպուած է դեսպանահաւաք։

Զօհրապ Մնացականեան այս առաւօտեան ելոյթին մէջ ընդգծեց, որ հրամայական է վերլուծել պետութեան առջեւ ծառացած ազգային անվտանգութեան հիմնարար մարտահրաւէրներն ու սպառնալիքները, քննարկել արդի աշխարհաքաղաքական տարածքաշրջանային գործընթացները, որոնք կրնան ուղղակի ազդեցութիւն գործել Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան իրականացման ընթացքին վրայ, ինչպէս նաեւ կանխատեսել անցանկալի զարգացումներն ու հնարաւորութեան պարագային մշակել անոնց չէզոքացման ուղղեալ քայլերը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2019