Չորեքշաբթի 25, Դեկտեմբեր 2024
ԿԱՍՊԻՑ ՇՐՋԱՆԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ ԿԸ ՁԳՏԻՆ ԵՐԿԱԹՈՒՂԻՆԵՐՈՒ ՈԼՈՐՏԸ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ
Կասպից ծովու տարածքաշրջանի երկիրները ներկայիս մասնաւոր կոմիտէներ կը ստեղծեն՝ երկաթուղիներու բնագաւառէն ներս համագործակցութիւնը զարգացնելու առաջադրութեամբ։ Վերջերս Թիւրքմենիստանի մէջ տեղի ունեցած է Կասպից ծովու երկիրներու պաշտօնատարներուն մասնակցութեամբ ժողով մը։ Այդ ժողովին մասնակցած են Ատրպէյճանի, Իրանի, Թիւրքմենիստանի եւ Ղազախիստանի ներկայացուցիչները։ Կասպից ծովու արեւմուտքէն հիւսիս-հարաւ ուղղութեամբ միջազգային բեռնափոխադրումներու ծաւալը աւելցնելու եւ իրաւական հիմքեր ստեղծելու հետամուտ քննարկումներ կատարուած են ժողովի ընթացքին։
Երեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2019