ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ ստեղծուած լարուածութեան մթնոլորտին մէջ ԱՄՆ վերջին օրերուն պաղարիւնութեան կոչ կ՚ուղղէ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի։ Զուգահեռաբար՝ Էրտողան-Թրամփ երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին ալ օրակարգի վրայ եկաւ արեւելեան Միջերկրականի տագնապը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ ապակայունութիւնը ծնունդ չ՚առներ Թուրքիոյ պատճառով։ Անգարա կողմնակից է Արեւելեան Միջերկրականէ ներս լարուածութեան յաղթահարման եւ երկխօսութեան։ Թրքական կողմը այս ձգտումը փաստած է շօշափելի քայլերով։

Տանըլտ Թրամփ երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցած է Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ։ Նոյնպէս օրակարգի վրայ եկած է արեւելեան Միջերկրականի իրադրութիւնը։ Միցոթաքիս Թրամ-փի նկատառման յանձնած է, որ եթէ Թուրքիա սադրիչ գործունէութիւնները կասեցնէ, ապա իրենք պատրաստ պիտի ըլլան նպաստելու՝ լարուածութիւնը կարեւոր չափով նուազեցնելու։

Հարկ է նշել, որ Յունաստան, Յունական Կիպրոս, Իտալիա եւ Ֆրանսա ներկայիս ռազմափորձեր կը կատարեն արեւելեան Միջերկրականի մէջ եւ այս քայլերն ալ Թուրքիոյ կողմէ կ՚ընկալուին սադրանք։

Էրտողանի եւ Թրամփի երէկուան հեռախօսազրոյցին ընթացքին շօշափուած են նաեւ երկկողմանի օրակարգի հարցեր, տարածքաշրջանային բնոյթով այլ նիւթեր։

Սպիտակ տան աղբիւրներն ալ մանրամասնութիւններ հաղորդեցին Թրամփի հեռախօսազրոյցներուն շուրջ։ Ամերիկացի ղեկավարը երկխօսութեան կոչ ուղղած է կողմերուն։ Ան շեշտած է, որ արեւելեան Միջերկրականէ ներս Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ ծագած լարուածութիւնը մտահոգութիւն կը պատճառէ ամերիկեան կողմին։ Թրամփ համոզուած է, թէ լուծման միակ ճանապարհը երկխօսութիւնն է։ ԱՄՆ-ի նախագահը յիշեցուցած է, որ Թուրքիա եւ Յունաստան ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներ են։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ՀԻՒՐ

Միւս կողմէ, Սուրիոյ տագնապի գծով ԱՄՆ-ի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Ճէյմս Ճեֆրիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը այս օրերուն կ՚այցելէ Թուրքիա։ Ճէյմս Ճեֆրի երէկ Ժընեւի վրայով հասաւ Անգարա։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ ան նշեց, որ Ժընեւի մէջ սկսած է Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան մշակման ուղղեալ աշխատանքներուն երրորդ փուլը։ Ըստ Ճեֆրիի, սա լաւ մեկնարկ մըն էր։ Թուրքիա կոմիտէի բոլոր անդամները՝ մասնաւորապէս ընդդիմադիրները խրախուսած է եւ սա շատ նպաստաւոր գործօն մը եղած է։ Ամերիկացի դիւանագէտը յոյս յայտնեց, թէ Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան մշակման հետամուտ կոմիտէն կը շարունակէ քաղաքական ճանապարհով ընթանալ։

Սուրիոյ ընդհանուր կացութիւնը մեկնաբանելով՝ Ճէյմս Ճեֆրի նշեց, թէ ռազմական բախումները պէտք է վերջանան։ Վարչախումբը նուաճելիք աւելի դաշտ չունի։ Հետեւաբար, Սուրիոյ վարչախումբը պէտք է բանակցութիւններու սեղան վերադառնայ եւ պէտք է զբաղի միջազգային հանրութեան մնացեալ մասին հետ։ «Սա է մեր առաջնահերթութիւնը։ Այսօր եւ վաղը թուրք իրաւասուներու հետ այս նիւթին շուրջ պիտի խօսինք», ըսաւ Ճեֆրի։

Սուրիոյ տագնապի լուծման տեսակէտէ Թուրքիա ունի կեդրոնական դիրք մը եւ անպայման պէտք է գտնուի լուծման սեղանի շուրջ։ Թուրքիա հարեւանն է Սուրիոյ եւ Իրաքի։ ԱՄՆ Թուրքիոյ շատ մօտ դաշնակիցներէն մին է։ Սուրիոյ տագնապը Թուրքիոյ եւ այդ երկրի միւս բոլոր հարեւաններուն տեսակէտէ անվտանգութեան եւ աշխարհաքաղաքական մեծ սպառնալիք մըն է։ Թուրքիա Սուրիայէն ծագում առած բոլոր սպառնալիքները կը դիմագրաւէ։

Բաց աստի, Անգարա հասնելէ առաջ, Ժընեւի մէջ Ճէյմս Ճեֆրի հանդիպում մը ունեցած է Արտաքին գործոց փոխ-նախարար դեսպան Սետաթ Էօնալի հետ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 27, 2020