ԹՈՒՄՕ ԿԵԴՐՈՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԸ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնը վերջերս մասնաճիւղ մը հաստատեց Մոսկուայի մէջ։ Այսպէս, 26 օգոստոսին բացուեցաւ երրորդ միջազգային ԹՈՒՄՕ կեդրոնը՝ Փարիզէն եւ Պէյրութէն վերջ։ Այժմ Մոսկուայի պատանիները կարելիութիւնը պիտի ունենան ծանօթանալու ԹՈՒՄՕ-ի ծրագրերուն եւ նորարար փորձագիտութեան ու հմտանալու շարք մը ժամանակակից ոլորտներու մէջ: Մոսկուայի նորահաստատ կեդրոնը բացուած է ԹՈՒՄՕ-ի եւ Genome Ventures ընկերութեան համագործակցութեան շնորհիւ։

«Յատկանշական է, որ Մոսկուայի մէջ մենք կը յայտարարենք նորարարական խառն համակարգ՝ առցանց եւ կեդրոններու մէջ դասերու համադրութիւն։ Սա մենք վերջերս մշակեցինք՝ նոր իրականութեան յարմարուելու համար: Վստահ ենք, թէ ծրագիրը, որ արդէն սիրուած է եւրոպացի պատանիներու կողմէ, դիւր կու գայ նաեւ Մոսկուայի պատանիներուն: Կը յուսանք, թէ սա ԹՈՒՄՕ-ի Ռուսաստանէ ներս  ընդլայնման միայն սկիզբն է», յայտնեց այս առթիւ ԹՈՒՄՕ-ի տնօրէնուհի Մերի Լու Փափազեան:

Կենդրոնի պաշտօնական բացման արարողութեան ներկայ էր Մոսկուայի քաղաքապետ Սերկէյ Սոպեանի, որ ըսաւ. «Այս նորարար կրթութիւնը շատ պահանջուած է Մոսկուայի մէջ: Վստահ եմ, որ հոս սորվելու ձգտումը մեծ պիտի ըլլայ»։

Նոր ԹՈՒՄՕ կեդրոնը կը գտնուի Մոսկուայի կեդրոնական շրջանին մէջ, «Մոսկուա Սիթի» գործարար կեդրոնի հարեւանութեամբ եւ ունի իր սեփական շէնքը՝ անհրաժեշտ բոլոր ուսումնական տարածքներով՝ ինքնուսուցման հարթակներ, դասընթացքներու սենեակներ, երաժշտութեան սրահ եւ այլն: Հոն կրնան սորվիլ շուրջ երկու հազար ուսանողներ: Ուսումը վճարովի է, սակայն կեդրոնը տարեկան մեծ թիւով դրամաշնորհներ պիտի յատկացնէ անվճար ուսուցման համար: Դասընթացքները պիտի սկսին հոկտեմբերին:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 27, 2020