ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ՔԱՅԼԵՐ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յոյս յայտնեց, թէ այլեւս չի կրկնուիր այն ինչ, որ յուլիսին տեղի ունեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ։ Մոսկուա այս շրջանին վերստին թափ կու տայ իր նախաձեռնութիւններուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։ Ռուսաստանի ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքեր վերջին օրերուն սերտ շփումներու մէջ են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ։ Մասնաւորապէս պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակներուն վրայ թափով աշխատանք կը տարուին։ Երէկ ալ այս տեսակէտէ կարեւոր օր մըն էր։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։ Այս վերջինը, որ նոր նշանակուած է, առաջին պաշտօնական այցելութիւնը տուաւ Մոսկուա։ Ճէյհուն Պայրամովը հիւրընկալելու առընթեր Սերկէյ Լաւրով հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մնացականեան-Լաւրով հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկուեցան տարածքաշրջանային զարգացումները եւ այս համատեսքին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը՝ անցեալ յուլիսի մարտերու լոյսին տակ։ Զօհրապ Մնացականեան ընդգծեց տարածքաշրջանային խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան պահպանման ուղղեալ Հայաստան-Ռուսաստան համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Երեւան-Մոսկուա դաշնակցային յարաբերութիւններու օրակարգային զանազան նիւթերուն շուրջ։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի երէկուան բանակցութիւններէն վերջ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ «Յուլիսեան սրացումէն յետոյ աւելի խտացեալ բանակցութիւնները չէին խանգարեր», ըսաւ Սերկէյ Լաւրով եւ աւելցուց, որ Ռուսաստան կ՚աջակցի այս բանին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միւս ընկերներուն հետ։ Ասուլիսի ընթացքին Լաւրով տեղեկացուց, որ մանրամասնօրէն քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Պաքու եւ Մոսկուա կը համարեն, որ այսօր պէտք է վերսկսիլ խնդրի շուրջ առարկայական բանակցութիւններու եւ վերսկսիլ արդէն իսկ մշակուած փաստաթուղթերու եւ սկզբունքներու հիման վրայ, բոլորի կողմէ ընդունուած ձեւաչափի շրջանակներէն ներս։

Լաւրով համոզուած է, թէ բանակցութիւններու վերսկսման համար անհրաժեշտ է ստեղծել համապատասխան մթնոլորտ։

Մոսկուայի մէջ օրակարգի վրայ եկած է եռակողմանի հանդիպում մը կազմակերպելու հաւանականութիւնը։ Պայրամով ասուլիսի ընթացքին ընդգծեց, որ յուլիսի բախումները տեղի ունեցած են այն տարածքին մէջ, ուրկէ կ՚անցնին նաւթի եւ կազի խողովակաշարները։

ԳԵՐԵՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, վերջին օրերուն հայկական բանակէն զինուոր մը գերի ինկած է Ատրպէյճանի զօրքերուն։ Պաքուի աղբիւրները կը հաղորդեն, որ ան սահմանէն թափանցելով յարձակումի մը հետամուտ էր։ Երեւանի աղբիւրները կը հերքեն այդ լուրերը ու կը տեղեկացնեն, որ անբարենպաստ եղանակի հետեւանքով այդ զինուորը շուարած է իր ճանապարհը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 27, 2020