ՊԱՅԹՈՒՄԻ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ԶՈՀ ՄԸ

Երեւանի Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանի Ռայնիսի փողոցին մէջ երէկ առաւօտ պատահած պայթումին հետեւանքով դժբախտաբար մէկ հոգի մահացաւ։ Փողոցի թիւ 3 հասցէի շէնքը կազի արտահոսքի հետեւանքով պատահած պայթումով փլաւ։ Պատկան մարմինները անմիջապէս որոնման աշխատանքներու ձեռնարկեցին փլատակներու մէջ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ որոշ ատեն հետեւեցաւ տեղւոյն վրայ տարուած աշխատանքներուն։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի քաղաքապետարանը տեղեկացուց, որ այս պայթումէն տուժածները կը տեղաւորուին ժամանակաւոր կացարաններու մէջ։

Դէպքի լոյսին տակ ներկայիս կ՚ընթանան նաեւ քննչական գործողութիւններ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 27, 2020