MODERNA-ԷՆ ԼՈՒՐՋ ՈՍՏՈՒՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթ մը գտնելու ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին Moderna ընկերութեան կողմէ, որու համահիմնադիրներէն եւ սեփականատէրերէն է ամերիկահայ գիտնական, գործարար ու բարերար Նուպար Աֆէեան։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Moderna-ի փորձարկումները կ՚ընթանան յաջող հունի մը մէջ։ Վերջին փորձարկումներու արդիւնքով Moderna-ի արտադրած պատուաստանիւթը թէ՛ տարեցներու եւ թէ երիտասարդներու պարագային գործած է նոյն ազդեցութիւնը։

ԱՄՆ-ի կառավարութեան հետ պատուաստանիւթ գտնելու համար պայմանագիր ստորագրած դեղօրայքի արտադրութեան ընկերութիւններէն մին է Moderna-ն։ Փորձարկումներու ժամանակ թէ՛ տարեցներու եւ թէ երիտասարդներու պարագային դիմադրութեան նոյն հակազդեցութիւնները արձանագրուած են եւ ի յայտ եկած է, որ սեւամորթերն ու լատինները, նաեւ կարմրամորթերու խմբաւորումներ ամենաբարձր համեմատութեամբ ազդեցութիւն կրած են։ Moderna-ի պատուաստանիւթի փորձարկումները ցայսօր աւելի քան 13 հազար հոգիի վրայ կատարուած են։

Հրապարակի վրայ այս պահու դրութեամբ գոյութիւն չունի նախապէս Moderna ընկերութեան կողմէ արտադրուած որեւէ դեղ։ ԱՄՆ-ի մէջ ժամ առաջ քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթի մը յայտնաբերման համար ձեռնարկուած է Warp Speed գործողութեան։ Այս ծիրին մէջ Moderna ընկերութիւնը ամերիկեան կառավարութենէն շուրջ 1 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն ստացած է եւ մատակարարման համաձայնութիւն ստորագրած՝ 1.5 միլիառ տոլար արժողութեամբ։ Moderna-ի կողմէ փորձարկուած պատուաստանիւթը կը կոչուի mrNA-12733։ Մասնագէտներ կը տեղեկացնեն, որ ներկայիս 3-րդ փուլի փորձարկման աշխատանքները աւարտելու վրայ են։ Սա արդէն եզրափակիչ փուլը կը համարուի։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 27, 2020