ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷ

Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­րա­քուէ մը։ 69.7 մաս­նակ­ցու­թեան հա­մե­մա­տու­թեամբ այս հան­րա­քուէին հի­ման վրայ կը նա­խա­տե­սուի վեց նոր յօ­դուած ա­ւելց­նել երկ­րի սահ­մա­նադ­րու­թեան։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, մաս­նա­կից­նե­րու 86.8 տո­կո­սը հա­ւա­նու­թիւն տուաւ սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թեան։

Սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը կ՚են­թադ­րեն Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի լիա­զօ­րու­թեան բարձ­րա­ցու­մը։ Նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ժամ­կէ­տը հինգ տա­րիէն կը բարձ­րա­ցուի եօթ տա­րիի։ Նա­խա­գահ ընտ­րուե­լու նու­զա­գոյն տա­րի­քի սահ­մա­նա­փա­կու­մը կը ջնջուի։ Փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ նա­խա­գա­հը պի­տի ու­նե­նայ տե­ղա­կալ­ներ։

Նա­խա­գահ ընտ­րուե­լու հա­մար նուա­զա­գոյն տա­րի­քի մը նա­խա­պայ­մա­նին ջնջուի­լը այն­պէս կը մեկ­նա­բա­նուի, թէ Իլ­համ Ա­լիեւ կրնայ պաշ­տօ­նը ժա­ռան­գել իր որդ­ւոյն։ Հարկ է նշել, որ Իլ­համ Ա­լիեւ 2003 թուա­կա­նէն ի վեր իշ­խա­նու­թեան գլուխ կը գտնուի Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2016