ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՐԷԿ ՏԱՍԸ ՆԱՀԱՏԱԿ ՏՈՒԱՒ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ

Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ա­նընդ­հատ կը շա­րու­նա­կէ իր յար­ձա­կում­նե­րը, ո­րոնք կ՚ու­նե­նան ա­րիւ­նա­լի հե­տե­ւանք­ներ։ ՓՔՔ­-ա­կան­նե­րու յար­ձա­կում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով ե­րէկ նա­հա­տա­կուե­ցան տասն զի­նուոր­ներ, ինչ որ խոր ցաւ ու ցա­սում յա­ռա­ջա­ցուց բո­վան­դակ երկ­րէն ներս։ Դէպ­քե­րը պա­տա­հե­ցան Մար­տի­նի եւ Շըր­նա­քի մէջ։ Ա­ռա­ջին դէպ­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ Տե­րի­քի մէջ, ուր զի­նուոր­ներ փո­խադ­րող քա­ղա­քա­յին հա­մա­րա­նի­շով մի­նի­պիւս մը դար­ձաւ թի­րա­խը՝ հե­ռա­կայ դրու­թեամբ պայ­թե­ցուած ռում­բին։ Այս յար­ձակ­ման զոհ գնաց չորս զի­նուոր։ Ու­լու­տե­րէի մէջ ալ ա­հա­բե­կիչ­ներ յար­ձա­կում գոր­ծե­ցին զի­նուո­րա­կան խում­բի մը վրայ, այս դէպ­քին ալ զոհ գնաց վեց զի­նուոր։ 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2016