ՄԵԾ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ

Երէկ երեկոյեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական ազգային երաժշտական գանձարան» նախագծի շնորհանդէսը։ Մայրավանքէ ներս, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի հանդիսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Պատուոյ հիւրերն էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան։ «Հայկական ազգային երաժշտական գանձարան» նախագծի պաշտօնական շնորհանդէսը համախմբեց բարձրաստիճան հոգեւորականներ, պետական գործիչներ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններ, արուեստագէտներ եւ այլ հետաքրքիրներ։

«Մշակութային վերածնունդ» հիմնադրամը, որու նպատակն է աջակցիլ հայ մշակոյթի ու արուեստի տարրերու ճիւղերուն, հայ ժողովրդական եւ հոգեւոր երաժշտական ժառանգութեան պահպանման, զարգացման ու տարածման, «Հայկական ազգային երաժշտական գանձարան» նախագծի ծիրին մէջ ստեղծած է հայ ժողովրդական, հոգեւոր եւ աշուղական երաժշտութեան առցանց երաժշտական ձայնադարան, տեսադարան եւ գրադարան, հրատարակած է Կոմիտաս Վարդապետի կողմէ կազմուած «Հազարումէկ խաղ» ժողովրդական երգերու ընտրանին, ինչպէս նաեւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ վերահրատարակած՝ Մակար Եկմալեանի «Երգեցողութիւնք սրբոյ պատարագի» (երգչախումբի համար նախատեսուած բաժինը՝ ձայնագրութեան ժամանակակից չափանիշներու համապատասխան) եւ Նիկողայոս Թաշճեանի կողմէ գրի առնուած եւ հայկական ձայնագրութեան համակարգէն եւրոպական ձայնագրութեան փոխադրուած «Երգք ձայնագրեալք ի ժամագրոց» օգտաշատ հատորները։

Թէ՛ ձայնագրութեան եւ թէ տպագրութեան միջազգային չափանիշներու համապատասխան հրատարակուած են այս երկու մատեանները՝ երաժշտական նախաբաններով, վերլուծութիւններով եւ բացատրութիւններով՝ անգլերէն եւ հայերէն։ Իրականացուած այս հսակայական աշխատանքը եղած է Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի կեանքի երազը։ Ան իր ծննդեան օրով դժբախտաբար չէ կրցած կեանքի կոչել այս մեծ գործը։ Խորհրդանշական հանգամանքներէն մին էր, որ այս շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ երէկ՝ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան օրը։ Ուստի, այս պատմական իրադարձութեան ականատեսներու շարքին գտնուեցան բարձրաստիճան եկեղեցականներ, Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, «Մշակութային վերածնունդ» հիմնադրամի տնօրէնութիւնը, նախագծի աշխատանքներու իրենց մասնակցութիւնը բերած անձեր, մշակութային գործիչներ, զանազան կրթօճախներու եւ գիտական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ այլք։ Հիւրերու շարքին էր նաեւ աշխարհահռչակ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեան։

Շնորհանդէսը սկսաւ աղօթքով։ Աւելի վերջ ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արարողակարգի բաժնի վարիչ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։ Շնորհանդէսը շարունակուեցաւ «Մշակութային վերածնունդ» ժապաւէնի ցուցադրումով։ Այնուհետեւ «Հայկական ազգային երաժշտական գանձարան» նախագծի կատարած աշխատանքներու եւ մասնաւորապէս լոյս ընծայած հրատարակութիւններու մասին խօսեցաւ կոմիտասագէտ Արթուր Շահնազարեան, որ միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի Երգահաններու միութեան վարչութեան կ՚անդամակցի։

Ծրագրի մտայղացման, գաղափարախօսութեան եւ իրագործման մասին խօսեցաւ «Մշակութային վերածնունդ» հիմնադրամի հիմնադիր նախագահ Արթուր Ջանիբեկեան։ Այս վերջինը շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնադրամի աշխատակազմին եւ իրենց հետ գործակցած բոլոր անհատներուն։ Ըստ իրեն՝ այս ծրագիրը կարեւոր առաքելութիւն մը ունի մատաղ սերունդի դաստիարակութեան ուղղութեամբ եւ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ ապագայ սերունդներուն ճանչնալու հայ ազգային եւ հոգեւոր երաժշտութիւնը։ Ջանիբեկեան հաւաստիացուց, որ հիմնադրամը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ կեանքի կոչելով բազում գեղեցիկ նորանոր իրագործումներ։ Ջանիբեկեան ելոյթի աւարտին իր ղեկավարած հիմնադրամին անունով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին նուիրաբերեց Նոյեան տապանի տեսքով պատրաստուած հայկական ազգային երաժշտական գանձարան-նուագարկիչը, որ իր մէջ կ՚ամփոփէ «Հայկական ազգային երաժշտական գանձարան» ծրագրի շրջանակներէն ներս ձայնագրուած 500 նմոյշները։

Շնորհանդէսը աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքով։ «Այսօր՝ հաղորդակցութեան մեծ հնարաւորութիւններու մեր օրերուն, իսկապէս, անհրաժեշտութիւն կայ մեր ազգային մշակոյթի դարաւոր ձեռքբերումները վերարժեւորելու, ճաշակով ու բարձր մակարդակով ներկայացնելու եւ անոնցմով կրթելու մեր ժողովուրդը՝ մեր արժէքները դարձնելով կեանքի, առօրեայի մաս։ Ուրախութեամբ կ՚արձանագրենք, որ «Մշակութային վերածնունդ» հիմնադրամի կողմէ այս ուղղութեամբ նուիրեալ ջանքեր կը ներդրուին՝ ժողովրդական ու հոգեւոր երաժշտութեան բացառիկ նմոյշները ուսումնասիրելու, նոթագրելու, թուայնացնելու, համապատասխան նոր հրատարակութիւններ պատրաստելու համար։ Հիմնադրամի հովանաւորութեամբ կեանքի կոչուած ծրագրերը կը նպաստեն մեր ժողովրդական ու հոգեւոր երաժշտական ժառանգութեան պահպանման, կը խրախուսեն հաւատարմութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը մեր մշակոյթի, ի մասնաւորի երաժշտարուեստի դարաւոր աւանդութիւններուն նկատմամբ՝ պատշաճօրէն անոնք մատուցելով մեր ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան։ Այս իմաստով ուշագրաւ է եւ գնահատանքի արժանի նաեւ Նոյեան տապանի տեսքով պատրաստուած երաժշտական գանձատուփը, որու մէջ զետեղուած են «Հայկական ազգային երաժշտական գանձարան» ծրագրի շրջանակներէն ներս ձայնագրուած նմոյշները։ Յիշեալ ձեռնարկումները կարեւոր ազդակ են նաեւ նոր սերունդը մեր մշակութային հարուստ ժառանգութեան հաղորդ դարձնելու ուղղութեամբ», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը հանդիսութեան ընթացքին։

Հանդիսութեան ծրագրի եզրափակիչ փուլին մէջ հոգեւոր երգերու կատարումներով հանդէս եկաւ Երեւանի Պետական սենեկային երգչախումբը՝ Յարութիւն Թոփիկեանի ղեկավարութեամբ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2017