ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԳԱՐԻՏ

Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը՝ հայերէն Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան 350-ամեայ յոբելեանին առթիւ։ Աստուածաշունչ մատեանի հայատառ տպագրութեան 350-ամեակին ձօնուած այս գիտաժողովը 19-20 Սեպտեմբեր թուականներուն տեղի ունեցաւ Մատենադարանի երդիքին տակ։ Կառոյցի յարակից «Մաշտոց» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս գիտաժողովը, որու խորագիրն էր «Տպագրութեան մարգարիտ»։ Գիտաժողովին զուգահեռ կազմակերպուած էր նաեւ ցուցահանդէս մը։

Գիտաժողովը սկսաւ Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեանի բացման խօսքով։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Պաղումեան ներկաներուն փոխանցեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ յղուած պատգամը։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աշոտ Յովակիմեան եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան։

Այս գիտաժողովին, Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ, յանուն Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին մասնակցեցաւ Վաղարշակ Սարկաւագ Սերովբեան, որ Պատրիարքարանէ ներս «Կոլոտ» թանգարանի պատասխանատուն է եւ հրատարակչական աշխատանքներուն գծով կը ծաւալէ անփոխարինելի գործունէութիւն ու կը ներդնէ մեծ վաստակ։

Պաշտօնական ուղերձներէ յետոյ գումարուեցաւ ժողովի առաջին նիստը, Գոհար Մուրատեանի նախագահութեամբ։ Նիստի ընթացքին Փարիզ 8 Համալսարանէն Յարութիւն Գէորգեան զեկուցեց «Ոսկան Երեւանցի եւ հայ-լատինական դպրոցի մը ստեղծման ծրագիրը», Օքսֆորտ Համալսարանէն Թէօ Մաարտըն վան Լինտ՝ «Եզեկիէլի մարգարէութիւնը եւ անոր հայ մեկնողները՝ Ստեփանոս Սիւնեցին եւ Եսայի Նչեցին, աստուածային գահի տեսիլքի մասին» եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանէն Մայա Գրիգորեան՝ «Աստուածաշունչի տպագրութեան ազգային օճախները» խորագրով։

Այս եւ յաջորդ երկու նիստերու ընթացքին ներկաներ առիթն ունեցաւ զեկուցողներուն հարցումներ ուղղել իրենց նիւթերու կապակցութեամբ։

Կէսօրուան ընդմիջումէ ետք, ներկաներ մասնակցեցան Աստուածաշունչի հրատարակութիւններու ընտրանիի ցուցադրութեան բացման։ Այս հատորները կը գտնուէին Մաշտոցեան Մատենադարանի, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի հաւաքածոներու մէջ։ Անոնք շրջեցան սրահը, տեսան Ոսկան Եպիսկոպոսի տպագրած Աստուածաշունչի մէկ օրինակը, ինչպէս նաեւ զանազան վայրերու մէջ տպագրուած մեսրոպատառ Աստուածաշունչերու նմոյշներ, Երուանդ Քոչարի կողմէ պատրաստուած Ոսկան Եպիսկոպոսի երեւակայական դիմանկարի կրկնօրինակը, Ոսկան Եպիսկոպոսի որպէս բնագիր ծառայած Հեթում Բ. թագաւորի ձեռագիր Աստուածաշունչը։

Ժողովի Բ. նիստը կայացաւ 20 Սեպտեմբեր 2017, Չորեքշաբթի, ժամը 11.00-ին, նոյն դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ՝ Վարդան Դեւրիկեանի։ Սոյն նիստի ընթացքին զեկոյցներ կարդացին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանէն Վաղարշակ Սարկաւագ Սերովբեան՝ «Ոսկան Եպսկ. Երեւանցի, Աստուածաշունչի տպագրութիւնը եւ Կ.Պոլիս», Մաշտոցեան Մատենադարանէն Վարդի Քեշիշեան՝ «Որոշ դիտարկումներ հայերէն Աստուածաշունչի տպագրութեան նախափորձերու վերաբերեալ», իսկ Հայաստանի Ազգային գրադարանէն Արմէն Խաչատրեան՝ «Աստուածաշունչի ոսկանեան տպագրութիւններու առեղծուածը» խորագրով։ Նոյն նիստի ընթացքին պիտի զեկուցէր նաեւ Երեւանի Պետական համալսարանէն Գայիանէ Պօղոսեան, որու բացակայութեան պատճառաւ «Բոյսերու անուանումները Աստուածաշունչի Ոսկանեան հրատարակութեան մէջ» խորագրով զեկոյցի ամփոփումը կարդաց Վարդան Դեւրիկեան։

Կէսօրուան ընդմիջումէ ետք, տեղի ունեցաւ Գ. եւ վերջին նիստը՝ նախագահութեամբ Թէօ Մաարտըն վան Լինտի։ Սոյն նիստի ընթացքին զեկոյցներ կարդացին Մաշտոցեան Մատենադարանէն Արմէն Տէր-Ստեփանեան՝ «Աստուածաշունչ թէ սուրբգրային ժողովածու», Մաշտոցեան Մատենադարանէն Անի Ենովքեան՝ «Ռուսահայ առաջին տպարանը, նկարազարդումներու առանձնայատկութիւնները», Մաշտոցեան Մատենադարանէն Միհրան Մինասեան՝ «Հա-յերէն նորայայտ հնատիպ հրատարակութիւններ» խորագրով։

Նոյն երեկոյեան, զեկուցումներու վերջաւորութեան իր աւարտին հասաւ գիտաժողովը։ Նոյն առթիւ բոլոր զեկուցողներուն ու մասնակիցներուն շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեան եւ ըսաւ, թէ մօտ ապագային լոյս կը տեսնեն զեկոյցները, զանոնք աւելի լայն հասարակութեան ծա-նօթացներու առաջադրութեամբ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2017