ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ ԵՒ ՄԱՄէՏԵԱՐՈՎ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Նիւ Եորքի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հանդիպումը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչը։ Հանդիպումը սկսաւ նախ ընդլայնուած ձեւաչափով, աւելի վերջ նախարարները առանձնազրոյց մը ունեցան։ Մնացականեան վերահաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշումն ու մօտեցումները։

Կարծիքի օգտակար փոխանակումներ տեղի ունեցան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման շուրջ՝ ուղղուած տարածքաշրջանէ ներս կայուն խաղաղութեան հաստատման։ Զրուցակիցները պայմանաւորուեցան շարունակել երկխօսութիւնը, մինչ յառաջիկային կը նախատեսուի համանախագահներու տարածքաշրջանային այցելութիւնը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2018